
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Ադրբեջանի իշխանութիւնները մի շարք միջազգային փաստաթղթեր են խախտել՝ խոշտանգելով 77ամեայ Մամիկոն Խոջոյեանին», «Ազատութիւն» կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է իրաւապաշտպան, «Ընդդէմ իրաւական կամայականութեան» կազմակերպութեան նախագահ Լարիսա Ալավերդեանը:
Անոր համաձայն՝ Ատրպէյճան միջազգային իրաւունքի շատ մեծ խախտումներ կատարած է, իսկ եղածը պէտք է առնուազն միջազգային հանրութեան արձագանգին արժանանայ: «Մարդու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին առնչուող միջազգային դրոյթները վերապահելի չեն», նկատել տուած է իրաւապաշտպանը:
«Նշանակում է՝ եթէ որեւէ պետութիւն միանում է, լինի դա ՄԱԿի քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքների մասին միջազգային պայմանագրին, լինի դա Եւրոպական մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան կոնուենցիային, մէկ է՝ նա չի կարող վերապահում անել հէնց այն յօդուածի վերաբերեալ, որը խօսում է մարդու՝ խոշտանգումներից ազատ լինելու իրաւունքի մասին», յայտնած է Ալաւերդեան:
Ան թուարկած է առնուազն երեք միջազգային փաստաթուղթեր, զորս վաւերացուցած են Ատրպէյճանի իշխանութիւնները՝ Ժընեւի դաշինքները եւ ՄԱԿի՝ Ընդդէմ խոշտանգումներու, դաժան վերաբերմունքի եւ արժանապատուութիւնը նսեմացնող վերաբերմունքի եւ պատիժի մասին դաշինքը, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դաշինքը: «Իր տարածքում յայտնուած Հայաստանի քաղաքացուն խոշտանգելու, նրա արժանապատուութիւնը նուաստացնելու համար Ադրբեջանը պէտք է միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կենտրոնում յայտնուի», շեշտած է իրաւապաշտպանը:
«Համապատասխան մարմինը ինքը չի յարուցում այդպիսի գործեր, պէտք է անպայման նա արձագանգի, բայց միջազգային այլ կազմակերպութիւնները, օրինակ՝ «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ»ը, «Հելսինքի Ուո»չ կազմակերպութիւնը, ես համոզուած եմ՝ նրանց պէտք է հետաքրքրի այդ դէպքը», ըսած է Լարիսա Ալաւերդեան:
Որպէսզի եղածը յաճախակի կերպով պատահող դէպք չըլլայ, երբ ատրպէյճանական գերութենէն Հայաստանի քաղաքացին հայրենիք կը վերադառնայ առողջական խնդիրներով, Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է հետեւողականութիւն ցուցաբերեն, ըսած է իրաւապաշտպանը՝ աւելցնելով. «Ես համոզուած եմ, որ ե՛ւ գործադիր իշխանութիւնը, ե՛ւ Ազգային ժողովը պէտք է որ օգտագործի բոլոր հարթակները այս հարցը բարձրացնելու համար եւ ինչ-որ առումով վերջապէս սանձելու: Ոչ թէ ուշադրութիւնը գրաւել, այլ ինչ որ քայլերի պէտք է կոչ անի միջազգային հանրութեան այս կամ այն հաստատութիւնները, որ իրենք վերջապէս սանձեն դա: Որովհետեւ ստացւում է, որ դա մենք միայն հնչեցնում ենք ու, ինչպէս ասում են, մինչեւ միւս դէպքը»: