
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Աշխատանքային այցելութեամբ Ժընեւ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 6 Մարտին հանդիպում ունեցած է Զուիցերիոյ Համադաշնութեան նախագահ, արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿի գործող նախագահ Տիտիէ Պուրխալթըրի հետ եւ քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նալբանդեան նախ փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ողջոյնները եւ գրաւոր ուղերձը:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են հայ-զուիցերիական քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակին, համակողմանի փոխգործակցութեան զարգացման թափին համար եւ քննարկած յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ խորացման առնչուող հարցեր: Յատուկ կերպով կարեւոր նկատուած է առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ միացեալ քայլերու ձեռնարկելը:
Միտքեր փոխանակուած են ԵԱՀԿի օրակարգային խնդիրներու, զուիցերիական նախագահութեան նախաձեռնութիւններուն շուրջ:
Նախարար Նալբանդեան Տիտիէ Պուրխալթըրի ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս պարունակին մէջ Տիտյէ Պուրքհալթըր վերահաստատած է աջակցութիւնը՝ Մինսկի խումբի համանախագահութեան գործունէութեան:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ այս տարուան Յունիսին Տիտյէ Պուրխալթըրի Հայաստան կատարելիք այցելութեան։ Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու շուրջ: