ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի փոխնախագահ Փերվին Պուլտան քննադատեց քրտական հաշտութեան գործընթացին դանդաղ ընթացքը:
«Այս գործընթացը կաղալու սկսած է։ Այս գործընթացը լաւ արժեւորել պէտք է: Եթէ Ապտուլլահ Օճալանի համբերութիւնը սպառի, այն ատեն վա՛յ ձեր վիճակին», ըսաւ ան։
Պուլտան, որ կը խօսէր Մարտ 8ի՝ Կանանց տօնին առիթով, նախ արտայայտուեցաւ կանանց իրաւունքներուն մասին՝ ըսելով. «Կիները այլեւս ապրանքի պէս պիտի չվաճառուին, փոքրիկ տարիքէն ամուսնութեան պիտի չտրուին, կիներուն դէմ բռնութիւն պիտի չգործադրուի»։ Ապա ան անդրադարձաւ քաղաքական կացութեան՝ ըսելով, որ իշխող կուսակցութիւնը երկար ատեն ձեռնածալ մնալէ ետք՝ հաշտութեան գործին ընթացք տուաւ, սակայն մէկ տարիէ ի վեր մէկ քայլ իսկ չէ առած հաշտութեան ի նպաստ։ «Հաշտութեան ու խաղաղութեան համար այս գործընթացը պէտք է շարունակուի», ըսաւ Պուլտան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.