ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ամերիկայի իր պաշտօնակից Ճան Քերիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է յարգել Խրիմի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը»: Երկու նախարարները համաձայնած են շարունակելու ուքրանական հարցին շուրջ քննարկումները:
Քերի մերժած էր հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, մինչեւ որ Մոսկուան Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկներուն ուղղութեամբ յստակ քայլեր առնէ:
Լաւրով նախագահ Փութինի պատկերասփռուած զեկուցում մը ներկայացնելով՝ յայտնեց, որ Քերիի առաջարկները «անյարմար» են, որովհետեւ «յեղաշրջումով ստեղծուած կացութիւնը իբրեւ մեկնակէտ» նկատի կ՛առնեն:
Միւս կողմէ, Խրիմի ինքնավար մարզի իշխանութիւնները փակած են առեւտրական եւ ճամբորդատար թռիչքներուն առջեւ թերակղզիի օդային տարածքը, մինչ Ուքրանիոյ խորհրդարանը սպառնացած է լուծարել Խրիմի խորհրդարանը, եթէ վերջինս չջնջէ ինքնավար մարզը Ռուսիոյ միացնելու մասին Մարտ 16ի հանրաքուէն: Վերջնագիրին աջակցութիւն յայտնած է 255 երեսփոխան, իսկ քուէարկութեան չեն մասնակցած 68 երեսփոխաններ, որոնց մեծամասնութիւնը համայնավար է:
Ուքրանիոյ խորհրդարանը նաեւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Բրիտանիայէն խնդրեց հարկաւոր միջոցառումներու դիմել՝ կասեցնելու համար Ռուսիոյ «յարձակումը», նշելով, որ 1994ին ստորագրուած համաձայնութեամբ՝ այդ երկիրները Ուքրանիոյ ապահովութեան երաշխաւորներն են:
Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Անգարա ուշի ուշով կը հետեւի Խրիմի իրադարձութիւններուն: Ան նշած է, որ Ուքրանիոյ մէջ լարուածութեան նուազեցումն ու Խրիմի հանրաքուէի յետաձգումը շատ կարեւոր են:
Տաւութօղլու յայտնած է, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են Խրիմի թաթարներուն հետ:
Նշենք, որ Փութին Ուքրանիոյ խորհրդարանի անդամ, Խրիմի թաթարներու խորհուրդի նախկին ղեկավար Մուսթաֆա Ճեմիլեւը հրաւիրած է Մոսկուա, սակայն Ճեմիլեւ տակաւին հրաւէրին չէ պատասխանած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.