
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստան-ՆԱԹՕ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագիրի (ԱԳԳԾ) Ծրագրաւորման եւ վերանայման գործընթացի ծիրին մէջ, Հայաստանի գործընկերութեան նպատակներու նոր թղթածրարի համաձայնեցման նպատակով 12 Մարտին եռօրեայ այցելութեամբ Հայաստան հասած է ՆԱԹՕի պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Հիւսիսատլանտեան Դաշինքի միջազգային քարտուղարութեան զօրքերու ծրագրաւորման վարիչ կազմի պետ Ֆրանք Պոլանտը։
12 Մարտին ՆԱԹՕի պատուիրակութիւնը ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանը:
Ֆրանք Պոլանտը՝ կարեւոր նկատելով Հայաստան–ՆԱԹՕ ԱԳԳԾ ու Ծրագրաւորման եւ վերանայման գործընթացի ծիրին մէջ իրականացուող համագործակցութիւնը, նշած է, որ փոխադարձ յանձնառութիւններու կատարումը մեծապէս կը նպաստէ երկու կողմերուն միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման ու Հայաստանի պաշտպանութեան ոլորտի առանձին բաղադրիչներու եւ Հիւսիսատլանտեան Դաշինքին հետ փոխգործակցելիութեան մակարդակի բարձրացման:
ՆԱԹՕի պատուիրակութեան հետ կայանալիք քննարկումներուն պիտի մասնակցին պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու եւ բանակի ղեկավարման մարմինի ստորաբաժանումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տարբեր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներ: