
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, 11-13 Մարտին գումարուած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) հերթական ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով: Ժողովին սկիզբը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը փոխանցած է խորհուրդի անդամներուն՝ այն նուիրումին եւ յանձնառութեան համար, զորս անոնք դրսեւորած են Մայր աթոռին դիմաց ծառացած խնդիրներու լուծման եւ հայաստանեայց եկեղեցւոյ առաքելութեան առաւել արդիւնաւորման համար:
Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ԳՀԽի անդամներուն ներկայացուցած է Մայր տաճարի նորոգութեան եւ ամրակայման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը՝ տեղեկացնելով, որ տաճարի ուսումնասիրման եւ ամրակայման նախագծային աշխատանքները աւարտին մօտեցած են եւ յառաջիկային պիտի սկսին շինարարական աշխատանքները: Անոր համաձայն՝ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուի նաեւ Մայր տաճարի նորոգութեան համար անհրաժեշտ գումարի հայթայթման ուղղութեամբ:
2014ի Նոյեմբերին նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ժողովականներուն տեղեկութիւններ փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ, ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի համաատենապետ Խաժակ արք. Պարսամեանը: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքին մասին զեկոյց ներկայացուցած են Հայ եկեղեցւոյ Սրբադասման յանձնախումբի համաատենապետ, Տաւուշի թեմի առաջնորդ Եզնիկ արք. Պետրոսեանն ու յանձնախումբի անդամ, Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու բաժինի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեանը:
Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման մասին զեկուցած է Մայր աթոռի դիւանապետ Արշակ եպս. Խաչատրեանը: ԳՀԽը որոշած է ժողովը գումարել 2014ի 7-9 Սեպտեմբերին՝ նախանշելով ժողովի օրակարգը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած Մայր աթոռի նախաձեռնութիւններուն մասին խօսած է Միացեալ Նահանգներու Հայոց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յատուկ կերպով քննարկած է 2015ին կայանալիք Միւռոնօրհնութեան արարողութեան առնչուած հարցեր: Ժողովականներուն ներկայացուած է նաեւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի գործունէութեան 2013ի տարեկան հաշուետուութիւնը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է անցնող տարուան ընթացքին հայրապետական ընդունելութիւններուն ու այցելութիւններուն, ներեկեղեցական եւ միջեկեղեցական իմաստով իրագործուած ծրագիրներուն, Մայր աթոռի միաբանութեան, եկեղեցւոյ քարոզչական, կրթադաստիարակչական եւ ընկերային առաքելութեան: Նշուած է, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եկեղեցականութեան թիւը 676 է, որոնցմէ 53ը՝ արքեպիսկոպոս եւ եպիսկոպոս, 46ը՝ ծայրագոյն վարդապետ եւ վարդապետ, 50ը՝ աբեղայ, 421ը՝ քահանայ, 106ը՝ սարկաւագ։ Հայաստանի բանակին մէջ իրենց զինուորական ծառայութիւնը կը կատարեն 47 հոգեւոր սպասաւորներ:
Շարունակուած են Մայր աթոռին կողմէ կատարուող ընկերային ծրագիրները, որոնց առաւել համակարգման նպատակով Մայր Աթոռին մէջ ստեղծուած է նաեւ Ընկերային ծառայութեան գրասենեակ: 2013ի Սեպտեմբերին գումարուած Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ հաստատուած է 2,000,000 տոլարի նախնական դրամագլուխ ունեցող հիմնադրամ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սուրիահայութեան կարիքաւոր զաւակներուն աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Նշուած է նաեւ, որ տարուան ընթացքին Մայր աթոռը պիտի շարունակէ պարբերաբար օգնութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ հայ համայնքին եւ ազգային հաստատութիւններուն, նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայ ընտանիքներուն:
Ժողովին ընթացքին քննարկուած են նաեւ Ֆրանսայի, Քանատայի, Զուիցերիոյ, Պրազիլի, Վիրահայոց թեմերուն, Հոլանտայի ու Պելճիքայի հայ եկեղեցական համայնքներուն վերաբերող հար-ցեր, ինչպէս նաեւ կարգապահական խնդիրներ: