ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամէն ինչ կորսնցուցած մարդուն պէտք է քաջալերել եւ յոյս տալ, ըսելով.
_ Դեռ հարուստ ես:
Իր նեղութեան ու տագնապին մէջ ան կրնայ չհասկնալ թէ ի՞նչ է այդ խօսքին իմաստը: Որովհետեւ երբ մէկը կորսնցնէ իր ինչքը, նիւթական շարժուն թէ անշարժ գոյքը, երբեմն իր ընտանեկան պարագաները՝ իր սրտահատորները, կը մթագնի իր աշխարհը եւ ապրելու յոյսը կը կորսնցնէ:
_ Դեռ հարուստ ես:
Տագնապահար մարդը ո՛չ միայն կրնայ չհասկնալ ըսածդ, այլ եթէ իր դժուարութեան մէջ ըմկղմած է ու չի՛ գիտեր ինչպէ՞ս դուրս գալ անկէ, նոյնիսկ հանդիպած անձին հետ կրնայ կռուիլ, իր տառապանքէն դուրս գալու եւ թախիծէն դատարկուելու համար:
Վերոյիշեալ քաջալերական կարճ նախադասութիւնը շատ անտրամաբանական կը թուայ մանաւանդ անոր, որ ո՛չ միայն իր պահեստի գումարներն ու ամբողջ ստացուածքը կորսնցուցած է, այլ նաեւ աշխատանքը…
Աշխարհը իր բոլոր բարիքներով, կեանքը իր բոլոր գեղեցկութիւններով յանկարծ ոչնչութեան կը վերածուի նման կացութեան մէջ յայտնուող մարդուն համար: Ասոնց օրինակներուն շա՜տ կարելի է հանդիպիլ ո՛չ այնքան երրորդ աշխարհեան երկիրներու մէջ, ինչքան՝ զարգացած ու բախտաբեր նկատուող քաղաքակրթուած քաղաքներու փողոցներուն վրայ: Օտարներու բացուելու, աշխատանքի սեփական ասպարէզը ընդլայնելու, գործի շրջապատը ընդարձակելու եւ «մեծնալ»ու ամէն հնարաւորութիւն ընձեռող այդ երկիրներուն մէջ նաեւ ընդունուած կարգ է՝ թաւալգլոր վար իյնալը, եւ նոյնիսկ աւելի՛ վար, քան՝ ուր որ էր անձը նախապէս:
Վստահաբար դուք ալ նշմարած էք կամուրջներու տակ խաւաքարտէ տուփերու մէջ ծուարած մարդիկ, այր թէ կին, որոնք ցերեկը մայթերուն ամրացուած ժողովրդային նստարաններու վրայ կը քնանան, իսկ գիշերները, մանաւանդ ցուրտ օրերուն, անմարդաբնակ շէնքերու մուտքերուն կամ հրապարակները ճեղքող հսկայ կամուրջներուն ներքեւ մէկ անկիւնը կը քաշուին, այցելու շուներու միակ ընկերները դառնալով: Երիտասարդ թէ տարեց, անոնք ընդհանրապէս չեն խօսիր, ո՛չ ալ մասնաւոր վտանգ կը սպառնան անցորդներուն: Պարզապէս աշխարհէն նեղուած ըլլալով լքած են այն, ինչ որ գեղեցկութիւն կը պատճառէ, այսինքն՝ նոյնիսկ իրենց անձը: Որովհետեւ մարդը իր մաքրութեամբ ու գեղեցկութեամբ ամէնէն կարեւոր զարդն է այս աշխարհին: Ուրեմն, իր անձին լքումով՝ արտաքին թափթփածութեամբ ու միւս կողմէ՝ ներքին խռովքով, աշխարհը տգեղցուցած կը կարծէ ըլլալ ան:
Հոգեբաններու կողմէ կատարուած յատուկ ու մասնագիտական աշխատանքը ցոյց տուած է, որ անոնցմէ շատերը կեանքի մէջ ձախորդութեան հանդիպած են եւ յուսահատած: Մէկը ամուսնական ձախորդութեան հետեւանքով «աշխարհը ծախած է»: Ուրիշ մը հսկայական պարտքերու տակ մնալով սնանկութիւն յայտարարած ու բոլորէն անարգուելով ինկած «մայթեր չափագրել»ու անվերջանալի աշխատանքին ետեւէն: Անոնցմէ շատերուն ձեռքի կառքը, կամ պարանով քարշ տուած խաւաքարտէ սնտուկը, որուն մէջ ընդհանրապէս կը դնեն իրենց ամբողջ «ստացուածք»ը, մասնագէտներու բացատրութեամբ կը ներկայացնէ իրենց «աշխարհը»: Այդ է իրենց հետաքրքրութեան շրջագիծը, որմէ դուրս ամէն ինչ ունայնութիւն է՝ մարդիկ իրենց հարստութեամբ, աշխարհը՝ իր գեղեցկութեամբ, իսկ յոռեգոյն պարագային, երբեմն նոյնիսկ Աստուած՝ իր բոլոր բարիքներով: Այս անձերէն շատ քիչերը ցարդ յաջողած են վերադառնալ աստուածապարգեւ բնականոն կեանքի: Աղօթքը եւս իր դերակատարութիւնը ունեցած է ոմանց պարագային, հոգեւոր նոր կեանք պարգեւելով ենթակային ու փրկելով յուսահատութեան ճիրաններէն:
_ Դեռ հարուստ ես…
Հոգեւորականի մը այս խօսքն է որ անտունիներէն մէկը տունի տէր դարձուցած է ասկէ տասնեակ մը տարիներ առաջ:
Արդէն տարիներէ ի վեր անտուն ու անօթեւան մնացած անձը մայթին վրայ պատահաբար հանդիպած էր այդ հոգեւորականին, որ անոր ձեռքին եղած դոյլին մէջ դրամ դնելու փոխարէն, ուտելիք զետեղած էր, ըսելով.
_ Դեռ հարուստ ես…
Սովորաբար լուռ եւ միշտ իր անկիւնը նստած երիտասարդ անտունը յանկարծ զրուցելով հարցուցած էր, թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ խօսքը: Հոգեւորականը բացատրած էր, ըսելով որ ինչ ալ պատահած ըլլայ ու նման անբաղձալի կացութեան մատնուած, պէտք է դեռ հարուստ համարէ իր անձը, որովհետեւ ապագան կայ իր դիմաց:
Ողջ ու առողջ ըլլալ, կը նշանակէ ապագայ ունենալ: Ուրեմն, իւրաքանչիւր մարդ, հակառակ իր անցեալի տխուր էջերուն ու կրած տառապանքին, եթէ գիտակցի թէ տակաւին ամբողջ ապագայ ժամանակը ունի, պէտք է շատ հարուստ զգայ: Մարդու մը կեանքին մէջ հինգ տարիներ ինչքա՜ն փոփոխութիւններու ժամանակահատուած կը նկատուին, ալ ո՜ւր մնաց անպարագիծ տեւողութեամբ ապագայ օրերը, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնայ նոր անակնկալ մը մատուցել յուսահատ ենթակային, զինք փրկելով անելէն:
Եթէ յուսահատ մարդուն տրուած այս խրատը զայն այդքան կը հարստացնէ, հապա հոգեպէս առողջ ու ապագայատեսիլ մարդը ինչքա՜ն հարուստ է ուրեմն… Անոր ամէն վայրկեան մտածած, ուրուագծած ու ծրագրած աշխատանքները, որոնք բոլորն ալ ապագային իրականութիւն պիտի դառնան, ո՛չ միայն զինք պիտի հարստացնեն անհատապէս, այլ շրջապատը ու ի վերջոյ մարդկութիւնը պիտի հարստացնեն, երբեմն աննիւթական ու աւելի թանկարժէք գանձերով:
Նոյն այդ հարուստ ապագային մէջ կը գտնուի նաեւ մարդուն ֆիզիքական մարմնոյն վախճանը, որուն մասին մտածելու շատ տրամադրութիւն չունենար մարդ: Սակայն Աստուած սկիզբէն կը թելադրէ անոր մտածել նաեւ ա՛յդ մասին, որպէսզի այդ ապագան եւս դառնայ փայլուն, ու հարստացնէ այս անգամ ո՛չ թէ նիւթեղէն աշխարհի սահմանափակ օրերով յատկանշուող կեանքը, այլ՝ յաւիտենականը, երկնային անսպառ բարիքներով լեցուն: Ապագայի օրերը յոյսով ապրելու աշխատանքի ընթացքին նաեւ իր հոգիի ապագան պէտք է խորհի մարդ, իր կաշիէն բացի՝ նաեւ իսկական անձը փրկելու նպատակով: