ՊԵՌՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը Երկուշաբթի, Մարտ 17ին հայց ներկայացուցած է Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին՝ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիա» դատավճիռը ատեանի գերագոյն մարմինին՝ Մեծ պալատին փոխանցելու խնդրանքով:
Եւրոպական ատեանը անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 17ին վճռած էր, թէ Զուիցերիոյ դատարանները խախտած են Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքը, երբ զայն պատժած էին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալուն համար:
Եւրոպական ուխտի 43րդ եւ 44րդ յօդուածներուն համաձայն՝ երեք ամսուան ընթացքին կողմերը կրնան պահանջել, որ Եւրոպական ատեանի վճիռները վերանայուին Մեծ պալատին կողմէ: Այժմ, հինգ դատաւորներու յանձնախումբ մը պիտի կազմուի քննելու համար, թէ դիմումը յաւելեալ քննարկումի կարիք ունի՞: Դատաւորներուն դրական գնահատականէն ետք, Մեծ պալատը կը սկսի քննելու հարցը, արձակելով վերջնական դատավճիռը: Եթէ բողոքարկման հայցը մերժուի, ապա Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի որոշումը կը դառնայ վերջնական ու կը փոխանցուի Եւրոխորհուրդի նախարարներու յանձնախումբին, որուն պարտականութիւնն է վճիռին կատարման վերահսկումը: Սովորաբար քանի մը ամիս կը տեւէ հինգ դատաւորներու յանձնախումբի քննարկումը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.