ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».- Ըստ Սթոքհոլմի Խաղաղութեան միջազգային հիմնարկին հրապարակած «Զէնքի մատակարարման միջազգային միտումներ՝ 2013» զեկոյցին՝ զէնքի ներածման ծաւալներով Ատրպէյճան երկրորդն է Եւրոպայի մէջ:
«Եւրոպայի մէջ զէնքի ներածման ծաւալներով առաջատար է Բրիտանիան (ընդհանուր ծաւալին 12 տոկոսը), իսկ ջնջին տարբերութեամբ մը երկրորդ տեղը կը գրաւէ Ատրպէյճանը (12 տոկոս): Ատրպէյճան, որ տարածքային վէճ ունի Հայաստանի հետ, 2004-2008 տարիներուն համեմատ, 2009-2013 տարիներուն զէնքի ներածումը աւելցուցած է շուրջ 387 տոկոսվ», նշուած է զեկոյցին մէջ:
2009-2013 տարիներուն, Ատրպէյճան առաքուող զէնքերուն գրեթէ 80 տոկոսը Ռուսիայէն արտածուած է: Ատրպէյճանին զէնք մատակարարած են նաեւ Պելառուսը, Ուքրանիան, Իսրայէլը եւ Թուրքիան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.