
ՆՈՐԹՐԻՃ.- Հինգշաբթի, Մարտ 20ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի տնօրէն դոկտ. Պրուս Պօղոսեան ելոյթ մը պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին մէջ՝ խօսելով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ուսանելու կարելիութիւններուն մասին:
Համալսարանի «Շեփըրել» սրահին մէջ (թիւ 5122) կայանալիք երեկոյթը կազմակերպուած է Նորթրիճի համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին նախաձեռնութեամբ, գործակցութեամբ համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան եւ շարք մը այլ կազմակերպութեանց: