
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 5ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները իրենց վարժարանի յարկին տակ դիմաւորեցին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները՝ շարունակելով տարիներ առաջ սկսած փոխադարձ այցելութիւններու աւանդութիւնը, որուն նպատակն է քոյր վարժարաններու աշակերտութեանց միջեւ կապերը ամրապնդել:
«Փիլիպոս» ժամանած «Շամլեան»ի աշակերտներն ու ուսուցիչները նախ հիւրընկալուեցան «Ներսէս Թաշճեան» սրահին մէջ, ուր ողջոյնի խօսք ուղղեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Ալինա Դուրեանը՝ ըսելով, որ անոնք հիւր չեն, այլ՝ նոյն ընտանիքի անդամներ:
Ապա կայացան «Փիլիպոս»ի աւարտական դասարանի աշակերտներուն կողմէ յատկապէս պատրաստուած խաղեր, որոնց ընթացքին «Շամլեան»էն իւրաքանչիւր աշակերտի համար խմբակից նշանակուեցաւ «Փիլիպոս»էն աշակերտ մը: Խաղերէն ետք, աշակերտները միասնաբար ճաշեցին ու ընկերային պահեր ապրեցան՝ աւելի մօտէն ծանօթանալով իրարու:
Աւարտին տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում մը, ուր դարձեալ «Փիլիպոս»էն ու «Շամլեան»էն աշակերտներէ բաղկացած միացեալ խումբեր կազմուած էին՝ հետաքրքրական մրցակցութիւն մը ստեղծելով: