

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Սլէյթ» համացանցային թերթի «Atlas Obscura» բաժինը, որ յատկացուած է «Աշխարհի պահուած հրաշալիքներ»ուն, լուսարձակի տակ առած է բագրատունիներու Անի մայրաքաղաքը: «Այսօր Անին մեծ, սակայն քանդուած եւ ուրուական քաղաքի մը վերածուած է: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ եղած լարուածութեան պատճառով, քաղաքը անուշադրութեան մատնուած է: Անիկա հայկական քաղաք է, որ կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, ինչ որ կը դժուարացնէ քաղաքի պատմական կառոյցներուն պահպանումը եւ վերականգնումը», գրուած է կայքին վրայ, ուր տեղադրուած են նաեւ 17 լուսանկարներ:
Էլլա Մորթընի գրած սոյն յօդուածին մէջ նաեւ կը նշուի, որ թրքական կողմը քաղաք այցելող զբօսաշրջիկներուն կը ներկայացնէ «Անիի պատմութեան մէջ եղած թրքական եւ իսլամական մեծ ազդեցութիւնները՝ անտեսելով հայկական բոլոր յիշատակումները»:
Առեւտրական ճանապարհներու խաչմերուկի վրայ գտնուող Անի քաղաքը հայկական Բագրատունեանց թագաւորութեան կողմէ հռչակուեցաւ մայրաքաղաք՝ 961ին: Անին ունէր շուրջ 100,000 բնակչութիւն: 1045 թուականին, Անին անցաւ Բիւզանդական տիրապետութեան տակ: