
ՆԻՒՓՈՐԹ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Միջազգային յարաբերութեանց եւ տնտեսական հարցերու մասնագէտ Հայկ Ճան Պոյաճեան (Նիւ Ճըրզիէն) 750,000 տոլար նուիրած է Հայաստանի մէջ տեսողական առողջապահութեան մարզին մէջ բարեսիրական աշխատանքներ իրականացնող Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրին, որ որոշած է Հայաստանի Տաւուշ մարզի Իջեւան քաղաքին մէջ բացուելիք շրջանային առաջին դարմանատունը կոչել նուիրատուին անունով:
Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրը կը ծրագրէ Հայաստանի զանազան մարզերու մէջ աչքի խնամքի բարձրորակ կեդրոններ բանալ յառաջիկայ տարիներուն, որպէսզի քաղաքացիները պարտադրուած չըլլան նման խնամքի համար Երեւան մեկնելու: Այս նպատակին համար 5 միլիոն տոլարի դրամահաւաքի արշաւ մը սկսած է:
Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (949) 933-4069 թիւին կամ այցելել www.eyecareproject.com կայքը: Նուիրատուութիւններ կարելի է ուղարկել նաեւ հետեւեալ հասցէին՝ AECP, P.O. Box 5630, Newport Beach, California 92662: