Մօտ մէկ ու կէս տարի առաջ, «Խոհեր Եւ Յուշեր ՀՄԸՄի 95ամեակին Առիթով»՝ «Մարզիկ» ամսաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածիդ մէջ կ՛ըսէիր հետեւեալը.
«Իրագործումները քիչ չեն, իսկ այդ իրագործումներուն ետին կը կանգնին հոյլ մը նուիրեալներ, որոնք միութենական այս հսկայ աշխատանքը յառաջ տարած են ու կը տանին մեծ զոհողութեամբ, հաւատքով եւ առանց ակնկալութեան: Գործել՝ պատրաստելու համար առողջ, գիտակից, դաստիարակուած ու պահանջատէր հայ մարդ, որ կարենայ պահել իր ինքնութիւնը, դիմագիծը: Մարդ՝ որ տէրը ըլլայ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականին: Այս գործին համար ՀՄԸՄի յաջորդական Կեդրոնական վարչութիւններու անդամները ոչինչ խնայած են իրենց ժամանակէն ու կարելիութիւններէն: Այսօր, կ՛արժէ յիշել գէթ մեզմէ հեռացածները՝ անոնք, որոնք հետք ձգեցին իրենց ետին եւ դարձան լաւ յիշատակ»:
Սիրելի՛ եղբայր Միհրան, քու բառերով բնութագրուած այս կեանքը ապրեցար աւելի քան 55 տարիներ. Փոքր տարիքէդ միացար քու շատ սիրած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ընտանիքին: Նուիրուեցար անոր վեհ նպատակներու իրագործման աշխատանքին եւ անշահախնդիր կեցուածքով եղար օրինակելի՝ ՀՄԸՄական գալիք սերունդներուն: Գործեցիր բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ. եղար լրջախոհ եւ շրջահայեաց. մնացիր հաւատարիմ ջահակիրը ՀՄԸՄի տեսլականին: Եւ ահա այսօր, դուն եւս դարձար յիշատակ եւ միացար «մեզմէ հեռացածներու» շարքին՝ ձգելով անմոռանալի հետք եւ դրոշմ ՀՄԸՄի պատմութեան էջերուն:
Առողջ միտքով, դրական վերաբերում եւ գործնական քայլերով կը պատրաստուէիր ՀՄԸՄի 100ամ-եակին, որուն համար ըսած էիր հետեւեալը. «Պատրաստուի՛նք ուրեմն 95ամեակին, ճակատաբաց ներկայանալու համար 100ամեակին»: Քաջածանօթ էիր ՀՄԸՄի դիմագրաւելիք նոր դժուարութիւններուն՝ Սփիւռքի մէջ հայը հայ պահելու եւ հայրենիքին մէջ հայը դաստիարակելու որպէս լաւ քաղաքացի: Քու սահմանումով՝ ասոնք էին 100ամիակի ամենամեծ մարտահրաւէրները. եւ այս բոլորին համար տակաւին շատ ընելիք եւ շատ տալիք ունէիր ազգիդ: Այդ գիտակցութեամբ է որ ՀՄԸՄական եղբայրներուդ հետ միասին կը մշակէիք ռազմավարական ծրագիրներ դիմագրաւելու գալիք նորանոր դժուարութիւնները: Սակայն, շատ անակնկալ եւ կանուխ եղաւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուիլդ, սիրելի՛ Միհրան. Նոյեմբեր 2013ի Քալիֆորնիա այցդ երէկ էր կարծես: Այս անգամ միութենական առաքելութեամբ չէիր եկած, այլ եկած էիր անձնական նախաձեռնութեամբ: Արդեօք եկած էիր հրաժե՞շտ տալու սիրելի բարեկամներուդ, միութենական եղբայրներուդ եւ հարազատներուդ: Մեծ ցաւ եւ խոր վիշտ պատճառեցիր թէ՛ ՀՄԸՄի եւ թէ հարազատ ընտանիքիդ անդամներուն: Մահուանդ գոյժը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ երկրագունդի այն ցամաքամասերը, ուր ՀՄԸՄ գոյութիւն ունի. յուզեցիր եւ սուգի մատնեցիր բոլորը, որովհետեւ դուն լոկ անուն մը չէիր, այլ յաճախակի այցելութիւններովդ, գործունեայ նկարագիրովդ եւ համեստ ու ազնիւ վարուելակերպովդ, ծանօթ եւ շօշափելի ներկայութիւն մըն էիր բոլորին համար:
Սիրելի՛ Միհրան, դուն հեռացար ՀՄԸՄի ընտանիքէդ, սակայն անցեալի վաստակովդ եւ յիշատակներովդ պիտի մնաս խորհրդանիշ նուիրումի ու զոհողութեան, եւ մղիչ ուժ յաջորդող սերունդներուն, որոնք քու եւ նմաններուդ օրինակով պիտի շարունակեն ծառայել ազգին: Հեռացար նաեւ հարազատներէդ. մեր սերունդին երիցագոյնը ըլլալով՝ եղար զարմիկներուդ հոգատար Միհրան «աղբար»ը. օրինակովդ դուն մեր գործունէութեան ուղեցոյց էիր եւ պիտի մնաս միշտ մեր սիրտին եւ յուշերուն մէջ:
Վարձքդ կատար, ննջէ՛ խաղաղութեամբ. թող հողը թեթեւ գայ վրադ՝ սիրելի՛ Միհրան:
Յիշատակդ անթառամ…
Զարմիկդ՝
ՏԻԳՐԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ