ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն ափսոսանք յայտնած է Խրիմի հանրաքուէին առնչութեամբ պաշտօնական Երեւանի յայտարարութեան համար: Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «ՆԱԹՕ եւ Հարաւային Կովկաս՝ ռազմավարական մօտեցումներ տարածաշրջանի անվտանգութեան» միջազգային խորհրդաժողովին դեսպան Հեֆըրն ըսած է. «Կը ցաւիմ, որ Հայաստան իր յայտարարութիւնը կատարեց Խրիմի հանրաքուէին մասին»: Ան նշած է, թէ ՆԱԹՕն եւ Միացեալ Նահանգները փորձած են ճգնաժամի կարգաւորման խաղաղ եղանակներ գտնել, սակայն Ռուսիան չէ անսացած իրենց առաջարկներուն:
Դեսպանը Երեւանի պաշտօնական յայտարարութիւն ըսելով նկատի ունէր 19 Մարտին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ այս հարցին։
Նախագահները միտքեր փոխանակեցին ուքրանական ճգնաժամի եւ անկէ դուրս գալու ուղիներուն վերաբերեալ: Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները անդրադարձան Խրիմի հանրաքուէի կայացումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին եւ արձանագրեցին, որ ատիկա կը հանդիսանայ ազատ կամքի արտայայտութեան միջոցով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման հերթական օրինակը: Միաժամանակ ընդգծուեցաւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու սկզբունքներուն, նախ եւ առաջ ՄԱԿի կանոնադրութեան, նուիրուածութեան կարեւորութիւնը:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին նաեւ հայ-ռուսական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր, անդրադարձան Հայաստանի՝ Մաքսային միութեան միանալու որոշումէն ետք այդ ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին:
Երկու նախագահները նաեւ անդրադարձան ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն: Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ գործունէութիւնը՝ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր եւ ընդգծեց համանախագահներու միացեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը՝ միտուած տագնապի խաղաղ լուծման: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներու հետ միացեալ աշխատանքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.