ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Շատ մեծ գումարի կաշառք ստանալէ անմիջապէս ետք ձերբակալուած է Նոր Նորքի զինուորական յանձնակատար, գնդապետ Ռաֆայէլ Զախարեանը։ Այս մասին հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Մարտի 19ին ժամը 17։10ին Նոր Նորքի զինուորական կոմիսարիատի զօրակոչային բաժանմունքի պետի աշխատասենեակում քաղաքացի Գ.Վ.ի կողմից առանձնապէս խոշոր չափի՝ 3900 տոլար գումար կաշառք ստանալուց անմիջապէս յետոյ ձերբակալուել է Նոր Նորքի զինուորական կոմիսար, գնդապետ Ռաֆայէլ Ռուբէնի Զախարեանը», նշուած է նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ։ Նշուած է նաեւ, որ ձերբակալուած է նաեւ նոյն զինուորական բաժինի զօրակոչային բաժանմունքի կցագրման գծով տեսուչ, աւագ ենթասպայ Տիգրան Յովհաննիսեանը:
Նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնքի 311րդ յօդուածի 4րդ մասի 2րդ կէտի յատկանիշներով՝ կաշառք ստանալ: Կը կատարուի նախաքննութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.