
ԵՐԵՒԱՆ.– Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով շարք մը բնագաւառներու մէջ տրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան 2013ի պետական մրցանակները՝ հիմք ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2002 թուականի Օգոստոս 22ի «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակներ հիմնելու եւ շնորհելու կարգի մասին» հրամանագիրը եւ նկատի առնելով պետական մրցանակներու յանձնախումբերուն առաջարկները:
21 Մարտին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան 2013ի պետական մրցանակներ տրուած են գրականութեան եւ արուեստի, ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան, ճշգրիտ եւ բնական գիտութիւններու, մարդասիրական եւ հասարակական գիտութիւններու բնագաւառներուն մէջ:
Գրականութեան եւ արուեստի բնագաւառին մէջ պետական մրցանակներ տրուած են հետեւեալ անձերուն. գրականութեան եւ հրապարակախօսութեան ոլորտին մէջ՝ Էդուարդ Միլիտոնեանին՝ «Է» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի համար, երաժշտութեան ոլորտին մէջ՝ Տիգրան Մանսուրեանին՝ «Ռեքուիեմ» ստեղծագործութեան համար, կերպարուեստի ոլորտին մէջ՝ Աշոտ Աւագեանին՝ «Մաշտոց» գեղանկարչական որմնանկարի համար («Մատենադարան» Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի գիտահետազօտական հիմնարկի նորակառոյց մասնաշէնքի գիտաժողովներու դահլիճ), ֆիլմարուեստի ոլորտին մէջ՝ Սերժ Աւետիքեանին (Ֆրանսա, դերասան, բեմադրիչ), Ելենա Ֆետիսովային (Ուքրանիա, բեմադրիչ, արտադրիչ), Մարտուն Ադոյեանին (արտադրիչ), Թագուհի Կարապետեանին (արտադրիչ)՝ «Փարաջանով» (Հայաստան, Ուքրանիա, Ֆրանսա, Վրաստան) ժապաւէնին համար:
Ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան բնագաւառին մէջ Արթուր Մեսչեանին (ճարտարապետ)՝ «Մատենադարան» Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագրերի գիտահետազօտական հիմնարկի գիտական նոր մասնաշէնքը, վերակառուցուած գլխաւոր մասնաշէնքը եւ Մաշտոցի պողոտայէն դէպի մատենադարան տանող վերակառուցուած ճանապարհը» համալիրի համար եւ Արտակ Ղուլեանին (ճարտարապետ)՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին համար:
Ճշգրիտ եւ բնական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ՝ Սամուէլ Շուքուրեանին, Երուանդ Զօրեանին (Քանատա)՝ «Թեստային լուծումներ նանոչափական բիւրեղի վրայ տեղաւորուած համակարգերի համար. ալգորիթմներ, մեթոդներ եւ թեստային ներկառուցուածք» աշխատանքին համար:
Մարդասիրական եւ հասարակական գիտութիւններու բնագաւառին մէջ՝ Հրաչիկ Սիմոնեանին՝ «Ազատագրական Պայքարի Ուղիներում» աշխատութեան համար:
Թատերական արուեստի յանձնախումբի նախագահ Անելկա Գրիգորեան յայտնած է, որ ներկայացուած են եօթը թատերական բեմադրութիւններու դիմումներ: Քուէարկութեան լոյսին տակ գործերէն ոչ մէկը կրցած է արժանանալ անհրաժեշտ ձայներուն, ուստի, թատերական արուեստի ոլորտին մէջ 2013ի համար պետական մրցանակ չտրուեցաւ։