Այս Լեզուն
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Աշխարհի լեզուներուն զանազանութիւնը, ըստ Աստուածաշունչի, Բաբելոնեան խառնակութենէն յառաջ եկած է:
Գոյութիւն ունին միջազգայնացած բառեր, որոնք ինչ լեզուով ալ արտասանուին, կու տան իրենց իսկական իմաստը: Որովհետեւ լեզուի մասեր կամ արտայայտչաձեւեր ըլլալէ աւելի, այդ բառերը հոգիէ բխած արտաբերումներ կ՛ըլլան, զգացում ու ոգի արտայայտող: Տեսնուած է նաեւ, որ այդ միջազգայնացած բառերուն հետ նաեւ աչքերու լեզուն կը բարբառի, հոգիի ներքին խօսքը փոխանցելով:
Ասոր ճիշդ հակառակը, ոմանք նաեւ ժխտական առումով սոյն միջազգայնացումը բառերուն կը շահագործեն, հայհոյանքներու ընդհանրացած լեզուն տարածելով մէկ լեզուէն միւսը: Այս ընդհանրացումը, սակայն իր ժխտական անդրադարձով մարդոց բարոյական կեանքին վրայ, քանդումի պատճառ կը հանդիսանայ: Դարձեալ տեսնուած է, որ այս դժբախտ ընտրութիւնը կատարողներ, իրենց նեղութեան ու դժուարութիւններուն մէջ, յանկարծ իրենց մայրենիէն տարբեր լեզուով լուտանքներ կը թափեն, կարծելով թէ օտար որեւէ լեզուով կատարուած հայհոյութիւնը աւելի ազդեցութիւն կրնայ գործել դիմացինին վրայ: Մինչդեռ նման թշուառականներ չեն գիտակցիր, թէ հայհոյութիւնը ինք որեւէ ազդեցութիւն չի՛ կրնար ունենալ ուրիշին վրայ: Անիկա նոյնիսկ չի՛ կրնար «զովացնել» բարկացած սիրտը: Եթէ կայ արդիւնք մը, որ մարդ կրնայ ստանալ հայհոյելով, այդ ալ իր սեփական հոգիին փճացումն է ու պարպումը բարոյական ինքնութենէ…
Լեզուներու արագ, դանդաղ, պատկերաւոր, երգախառն, երբեմն ծամծմուող կամ ոճային այլ առանձնայատկութիւնները մէկդի դրած, պէտք է նայիլ այն հրաշք կարողութեան, զոր անոնք կու տան մարդ էակին, փոխյարաբերութիւն ստեղծելու համար իր շրջապատին հետ:
Կենդանական ձայնային ելեւէջներով փոխյարաբերութիւնը, մարդ էակի պարագային խօսք է, բառ է, գրական գեղարուեստ է, սիրերգ է կամ վիպերգութիւն, որով ան իր ներքին զգացումներն ու ապրումը կը հաղորդէ ուրիշներուն: Արտայայտութեան այս ամէն կերպերուն մէջ սակայն, մարդուն կը մնայ զանոնք ճիշդ ձեւով ու ճիշդ ոճով դրսեւորելու աշխատանքը: Գրուած միեւնոյն խօսքը մարդ կրնայ կոշտ ու կոպիտ ընթերցումի ճամբով փճացնել եւ սխալ տպաւորութեան մէջ թողուլ իր ունկնդիրները:
Հոգեբաններէն ոմանք կը թելադրեն աչքերը փակել եւ ունկնդրել մէկուն խօսքը, ճիշդ հասկնալու համար անոր հոգին կամ ներքին ձայնը ու անոր իսկական «դէմք»ը: Ուրիշ խօսքով, խօսող մարդը ճիշդ ճանչնալու համար ձայնը մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ, տուեալ բառերը արտասանած միջոցին: Այս իմաստով կոյրը աւելի լաւ «տեսողութիւն» կ՛ունենայ, քան երկու աչքեր ունեցողը:
Սակայն կայ համաշխարհային «լեզու»ն, որ փոխյարաբերութեան լաւագոյն միջոցներէն մէկն է: Ատիկա աշխարհի բոլոր լեզուներէն տարբեր, ամէն լեզուներէ վեր ու Բաբելոնեան աշտարակին ամէնէն բարձրէն զրուցուող լեզուն է՝ Ազնուութեան Լեզուն: Այս լեզուն աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, սկսեալ ամէնէն քաղաքակրթուածէն մինչեւ երրորդ աշխարհեան ամէնէն յետին երկիրը՝ հասկնալի լեզու է, որուն քերականական օրէնքերը բոլորին ծանօթ են եւ շուտով ուսանելի:
Լեզուներու ուսուցման մէջ աւելի դիւրին սորվելիքները անոնք են, որոնց քերականութիւնը կանոնական պարզ պատկեր կը ներկայացնէ ու բարդ դարձուածքներ չունի: Երբեմն արականի եւ իգականի տարբերութիւններ ունեցող լեզուները կը նկատուին դժուար ուսանելի, եւ միշտ սխալներ կատարելու վախը կը սարսափեցնէ այդ լեզուները սորվող ուսանողները: Մինչդեռ այլ լեզուներ այդ դժուարութիւնը չունենալուն, շատ աւելի պարզ քերականութեամբ շուտով կը լղորճուին տարբեր ազգութիւններու պատկանող մարդոց բերանին մէջ:
Ազնուութեան լեզուի «քերականութիւն»ը բոլոր լեզուներու քերականութիւններէն աւելի պարզ ու յստակ է: Անոր պարագային լեզուն, աչքերը, ձայնը, միտքն ու հոգին միասնաբար կը խօսին ու կ՛արտայայտեն մարդկային հոգիի իսկական խօսքը:
Այս լեզուն առաւելութիւն մը եւս ունի: Այս լեզուն խուլն ու համրը, կոյրն ու խեղը նաեւ կրնան հասկնալ… Խուլը պէտք չունի լսելու, որովհետեւ տեսողութեան իր «ականջներ»ով կրնայ հասկնալ ազնուութեան լեզուն: Համրը իր հաղորդակցութեան լեզուէն զրկուած ըլլալուն պատճառով, դարձեալ անհաղորդ չի՛ մնար ազնիւ մարդու խօսքին, երբ կը զգայ այդ լեզուն իր խօսակիցին ազնուութեան միջոցաւ: Իսկ կոյրը, ամէնէն աւելի՛ կը հասկնայ այդ լեզուին արտայայտած խօսքերուն արժեչափը, որովհետեւ ձայնային ելեւէջներուն մէջ կը տեսնէ ու կը կարդայ խօսողին հոգեկան աշխարհը, լաւ տիրապետած ըլլալով ազնուութեան այդ լեզուին:
Անձնական յարաբերութեան, ազգերու միջեւ հաղորդակցութեան թէ կրօններու միջեւ երկխօսութեան պարագաներուն միշտ ազնուութեան լեզուին տիրապետումը անհրաժեշտութիւն է: Սակայն ամէնէն աւելի անհատական մակարդակի վրայ այդ լեզուին գործածութիւնը կարեւոր է: Ազնուութեան լեզուին իմացութիւնը նաեւ հոգիի դաստիարակութեան իմաստով դրական դերակատարութիւն կ՛ունենայ: Այնպէս ինչպէս դպրոցական ուսումնական կեանքը նաեւ կրթական կեանք կը կոչուի, որովհետեւ ուսման հետ նաեւ կրթութիւն կը ջամբուի այնտեղ, նոյնպէս ալ այս լեզուն սորվող անձը, միաժամանակ իր հոգին կը կրթէ ու լեզուի իմացութեան հետ նաեւ հոգեկան դաստիարակութիւն կը ստանայ:
Ազնուութենէն աւելի ազնիւ բան չկայ աշխարհի մէջ, իսկ անոր անմիջական հետեւութիւնը կ՛ըլլայ ճշմարտութիւնը: Ազնուութեան լեզուն խօսողը չի՛ կրնար սուտ խօսիլ: Իսկ սուտ խօսողը չի՛ կրնար ազնիւ անձ ըլլալ: Այսքան պարզ քերականութիւն ունի ազնուութեան լեզուն… Բառախաղի տպաւորութիւն կրնայ թողուլ այս խօսքը, սակայն ամբողջութեամբ պարզ իրականութիւնն է որ կը յայտնէ:
Աշխարհի ամէնէն տարածուն, սակայն ամէնէն աւելի դժբախտ ու կորսուելու վտանգի առաջ կանգնած լեզուներէն մէկն է ազնուութեան լեզուն: Զայն իմացողներուն թիւը սկսած է նուազելու, իսկ իմացողներն ալ կա՛մ գործէ արձակուելու վրայ եղող եւ կամ յաւիտենապէս անգործ մնալու դատապարտուած անձեր են…
Աշխարհի երեսէն կորսուող լեզուներու ցուցակէն դուրս բերելու համար այս լեզուն, անհրաժեշտ է զայն դասաւանդող ուսուցիչներուն պաշտօններ վստահիլ, որպէսզի անոնց աշակերտութեան թիւը աճի աշխարհի մէջ: