
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Սուրիոյ մէջ իշխանութեանց դէմ ճակատող ատրպէյճանցի զինեալներուն վերաբերեալ կայք մը կը տեղեկացնէ, թէ Սուրիոյ վերջին բախումներուն ընթացքին սպաննուած են 12 ատրպէյճանցի զինուորներ, որոնցմէ երկուքը՝ Սումգայիթէն:
Սուրիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին սպաննուածներէն մէկը Եւրոպայի եւ Ատրպէյճանի ախոյեան ըմբշամարտիկ մըն էր, իսկ միւսը՝ ատրպէյճանական զինեալ խմբաւորումի մը ղեկավարը: