ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Մարտ 26ին, թրքական ատեան մը վճռեց, թէ երկրի Հեռահաղորդակցութեան ծառայութեան վարչութիւնը պէտք է վերցնէ անցեալ շաբաթ «Թուիթըր»ին դէմ դրուած արգելքը, որ որդեգրուած էր ընկերային այդ ցանցը «արմատախիլ» ընելու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի սպառնալիքէն անմիջապէս ետք:
Անգարայի ատեանը վճռեց, թէ «Թուիթըր»ի դէմ քայլը խոտոր կը համեմատի ազատ արտայայտուելու եւ հաղորդակցելու իրաւունքներուն, որոնք կը պաշտպանուին Թուրքիոյ եւ եւրոպական օրէնքներով:
Հեռահաղորդակցութեան ծառայութեան նախագահութիւնը 30 օր ունի ատեանին վճիռը գործադրելու կամ վճիռը վերատեսութեան ենթարկելու դիմում մը կատարելու համար:
Նշենք, որ «Թուիթըր»ի պատասխանատուները այս ցանցը հեռաձայններու եւ հաղորդակցական այլ գործիքներու միջոցաւ օգտագործելու մասին տեղեկութիւններ փոխանցած էին իրենց յաճախորդներուն՝ շրջանցելու համար կառավարութեան արգելքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.