ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- «Չեփմըն» համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս փրոֆ. Մայքըլ Պեզլըր պիտի ներկայացնէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ անոր ճանաչումէն մինչեւ փոխհատուցում եւ միջազգային արդարութեան ատեանը» նիւթով դասախօսութիւն մը: Համազգային տարողութեամբ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այս դասախօսութեան ընթացքին, յարգարժան դասախօսը պիտի կեդրոնանայ այն նիւթին վրայ, թէ միջազգային օրէնքն ու դատարանները ինչպէս վարուած են եւ կրնան վարուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութեան հետ: Ան պիտի քննարկէ նաեւ ամերիկեան տարբեր ոլորտները, որոնց միջոցով կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ արդարութեան ու փոխհատուցել Ցեղասպանութեան զոհերուն օրինաւոր ժառանգորդները:
Փրոֆ. Պեզլըր վկայեալ է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) իրաւաբանական դպրոցէն եւ ունի BS աստիճան՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA): 2008ին, «Չեփմըն»ին միանալէն առաջ, ան աշխատած է որպէս իրաւաբանութեան դասախօս «1939» իրաւաբանական խմբակին մէջ, որուն գլխաւոր ուսումնասիրութեան նիւթերն էին Հրէական Ողջակիզումը եւ մարդկային իրաւունքները՝ Ուիթիըրի իրաւաբանական դպրոցին մէջ:
Ապրիլ 2007ին, Պեզլըր եղած է այցելու փրոֆեսէօր «Փեփըրտայն» համալսարանի իրաւաբանական դպրոցին մէջ՝ դասաւանդելով համեմատական օրէնք եւ Հրէական Ողջակիզումը, ինչպէս նաեւ «Ցեղասպանութիւն եւ օրէնք» նիւթը: Կողմնորոշիչ դերակատարութիւն ունեցող եւ մեծ յարգանք վայելող հեղինակութիւն է ան՝ ամերիկեան եւ եւրոպական դատարաններու մէջ, ցեղասպանութեան եւ պատմական սխալներու իրողութեանց հաստատման մէջ:
Պեզլըր նաեւ հեղինակ է շարք մը գիրքերու եւ յօդուածներու, որոնց շարքին՝ «Holocaust Justice» գիրքը:
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած այս իւրայատուկ դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Ապրիլ 6ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214):
Դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի անգլերէն լեզուով: Մուտքը ազատ է: Սոյն ձեռնարկը կը հովանաւորէ Ազնիւ Պրունսուզեանը:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)