Դրախտիկ գիւղը, որ կը գտնուի երբեմնի պատերազմական գօտիի ճակատէն միայն 12 մղոն հեռու, իր անունով պիտի առաջարկէր երջանիկ անցեալ մը՝ ի տարբերութիւն ներկային, կամ գէթ յոյս՝ ապագայի նկատմամբ։ Բայց հակառակ իր դիմագրաւած դժուար պարագաներուն, Արցախի Հադրութ շրջանի այս գիւղը սկսած է անգամ մը եւս արդարացնելու իր անունը։
Արդարացնել՝ թուային իմաստով գոնէ, որովհետեւ Դրախտիկի բնակչութիւնը կը բազմանայ։
Քաջալերուած՝ իրենց համայնքի գիւղատնտեսական սարքաւորումներու կայանէն, որ մաս կը կազմէ այս շրջանին մէջ երկրագործական զարգացում յառաջացնել միտող աւելի լայն ծրագրի մը, Դրախտիկի բնակիչները այսօր իրենց ծննդավայրը կը մնան փոխանակ աշխատանքի համար անկէ հեռանալու, այսպիսով օգնելով ոչ միայն տեղւոյն բնակչութեան, այլ նաեւ տնտեսութեան աճին։
430 բնակչութեամբ այս գիւղի չափահասներու մեծամասնութիւնը կը զբաղի հողագործութեամբ ու անասնապահութեամբ, լաւագոյնս օգտագործելով Արցախի հռչակաւոր արգաւանդ հողը եւ հետեւաբար սատարելով վերածնուած երկրի տնտեսական զարգացման։
Դրախտիկ եւ այս սահմանամերձ կարեւոր շրջանի մնացեալ գիւղերը բուռն կռիւներ տեսան Արցախեան ազատամարտի ընթացքին։ 2006ին, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը Դրախտիկի մէջ սկսաւ կառուցելու գիւղատնտեսական սարքաւորումներու կայան մը, տեղւոյն տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով։
Ծրագիրը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։
Շնորհիւ ծրագիրին եւ Դրախտիկի աշխատունակ բնակչութեան, համայնքը տնտեսական կայուն աճ ունեցաւ վերջին քանի մը տարիներուն։ Այս բաղձալի յառաջդիմութեան հետ, սակայն, Դրախտիկի մէջ աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուէր լուծելու հին խնդիր մը՝ պատշաճ մանկապարտէզի մը չգոյութիւնը։
Արդարեւ, 1988էն ի վեր գիւղին մէջ կը պակսէր դպրոց մը, ուր համայնքի մատղաշ երեխաները կարենային յաճախել։ Մեծապէս վնասուած՝ Արցախեան պատերազմին ընթացքին, հին մանկապարտէզը քանդուած էր զինադադարէն ետք եւ երբեք չէր վերակառուցուած։
Թէեւ կարգ մը երեխաներ դասարան կը յաճախէին նորակառոյց դպրոցի մը յաւելեալ սենեակներէն մէկուն մէջ, այդ սենեակը չէր կրնար գոհացնել արդիական մանկապարտէզի մը պահանջները։
Հոս է որ Հայաստան Հիմնադրամը անգամ մը եւս պիտի բերէր իր օժանդակութիւնը։
Իրօք, բացի գիւղատնտեսական սարքաւորումներու կայանի մը վայրը ըլլալէ, Դրախտիկը Հիմնադրամին համար ծանօթ համայնք մըն է։ Գիւղը կը գտնուի Հիւսիս-Հարաւ Մայրուղիին կից։ Մայրուղին, որու կառուցումը կարելի դարձաւ Հիմնադրամին շնորհիւ՝ ամբողջ աշխարհի հայութեան զօրավիգ կանգնելուն, կը նկատուի Արցախի Ողնայարը՝ բազմաթիւ գիւղերու, աւաններու ու քաղաքներու միջեւ կապ դիւրացնելու իր դերով, ինչպէս նաեւ հանդիսանալով Արցախի առեւտրական գլխաւոր շնչերակը։
Ռազմավարական արժէք ներկայացնող Դրախտիկը նպաստառուն եղած է Հիմնադրամին կողմէ իրականացուած շարք մը այլ շինարարական ու ենթակառուցային ծրագիրներու, որոնք կ՛ընդգրկեն ըմպելի ջուրի մատակարարման ցանց մը, Մեծ Թաղլար-Ազոխ-Դրախտիկ ջրագիծը, եւ բազմահանգամանք համայնքային կեդրոն մը՝ գիւղապետարանով, բուժարանով, ծննդասենեակով, հանդիսութիւններու դահլիճով, համակարգչային սենեակով ու գրադարանով։
Այս բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան օրինակով, Հիմնադրամը ձեռնարկեց Դրախտիկի մէջ մանկապարտէզ մը հաստատելու ծրագիրին։ Կառուցուեցաւ հոյակապ շէնք մը՝ արդիական դասարաններով, խաղասենեակներով եւ նուիրեալ անձնակազմին համար վարչական ու ուսուցչական գրասենեակներով։
Նոր մանկապարտէզը օժտուած է մատղաշ երեխաներու համար կրթական բարձրորակ հաստատութենէ մը ակնկալուած բոլոր յարմարութիւններով, ի հակադրութիւն նախկին դասասենեակին մէջ գործածուած կահոյքին։
Թէեւ մանկապարտէզը կրնայ 100 երեխայ ընդունիլ, տակաւին այդքան աշակերտ չկայ։ Բայց Դրախտիկի ժողովրդագրական աճն ու տնտեսական զարգացումը նկատի ունենալով է որ Հիմնադրամը կառուցեց մանկապարտէզը՝ փայլուն ապագայի մը հեռանկարով։
Իրօք, տրուած ըլլալով գիւղի վերելքը, մեծ հաւանականութեամբ մանկապարտէզի իւրաքանչիւր գրասեղանը իր աշակերտը պիտի ունենայ մօտ ապագային։
Այսօր, Սփիւռքի հայրենակիցներու նեցուկով, Դրախտիկը ամէն կարելիլութիւն ունի դարձեալ արժանաւորելու իր անունը՝ կտոր մը դրախտ ըլլալով հոն բնակող, աշխատող ու հայրենիք կերտող հայութեան համար։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.