ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Կը կարծեմ, որ շատերու համար տարօրինակ պիտի թուի այս անունը: Ուղղակի հանելուկ մը, որ նոյնիսկ զարմանք կրնայ պատճառել եւ շարան մը հարցումներու դռներ բանալ:
Հայկական ջուր:
Ինչո՞ւ անունը հայկական է: Արդեօք հայրենի «Ջերմուկ» ջուրի՞ն մասին է ակնարկութիւնը: Եթէ ոչ՝ հապա ի՞նչ տեսակ ջուր է այս մէկը, որ հայկական կը կոչուի: Այս մասին ծանօթագրութիւն մը լոյս տեսա՞ծ է: «Թիվի»ներէն եւ կամ մամուլէն ցարդ ծանուցում մը չէ եղած: Ուրկէ՞ է: Ի՞նչ բանի օգուտ է: Ո՞վ խմած է: Ո՞ւր կը ծախուի, հայկական թէ տեղական նպարատուներուն մէջ: Արդեօք 6 հատը քանի՞ կ՛արժէ: Հանքայի՞ն է, թէ պարզ, սովորական: Հայաստանէ՞ն է, թէ Միջին Արեւելքէն: Պարզ ծորակէն լեցուած է, թէ ոչ… Ապակիէ՞ շիշով է, թէ «փլասթիք»: Պա՞ղը աւելի լաւ է, թէ տաքը, կամ եռացածը: Հարցումներ եւ հարցումներ:
Անկեղծ ըսելով, ես ալ անձնապէս այս մասին տեղեակ չէի: Տասնամեակներ առաջ եւ յատկապէս նախակրթարանի տարիներուս, երբ ողորմած մեծ մայրս տակաւին ողջ էր, խեղճ կնկան բերանէն յաճախ լսած էի այս բառերը, որոնք հետաքրքրութիւնս շարժած ու մեծցուցած էին զիս՝ տարիքէս աւելի:
Օրին, հետաքրքրութիւնս սրած, կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ի՞նչ է այս ջուրը եւ իր խորհրդաւոր պատմութիւնը, որ զանազան առիթներով յանկարծ կը յայտնուէր մեր տան մէջ, մեծերու բերաններէն: Կ՛ուզէի ես ալ իրականութեան փեշերէն կախուիլ ու հասկնալ, տեղեկանալ:
Ու ես ինծի անմեղօրէն հարց կու տայի, թէ իսկապէս նման ջուր կա՞ր, գոյութիւն ունէ՞ր աշխարհիս վրայ:
Արդեօք մեծ մայրս՝ համիտեան ջարդերէն ազատած շրջանին, Խարբերդէ՞ն իր հետ բերած էր, թէ Հալէպի խորունկ ջրհորներէն հաւաքուած ջուրին մասին էր ակնարկութիւնը: Արդեօք աշխարհագրութեան կամ գիտութեան ուսուցիչս գիտէ՞ր, տեղեա՞կ էր, թէ նման «բան» մը կար աշխարհիս վրայ. առեղծուածային եւ նոյնքան տարօրինակ:
Ու վերջապէս, օր մը պատահականօրէն կրցայ լուծել այս բոլոր «արդեօք»ներս: Տակաւին այսօրուան նման լաւ կը յիշեմ: Այդ օրերուն, երբ երեկոյ մը դպրոցէս վերադարձիս անմեղօրէն մօրս կը հարցնէի, թէ մեր դրացի Յարութիկը ինչո՞ւ իր մօրաքրոջը տղուն Յովսէփիկին հետ չի խօսիր, երբ ոչ միայն նոյն բակը կ՛ապրէին, այլեւ իրենց սենեակներն ալ իրարու պատկից էին, իր պառկած տեղէն մեծ մայրս էր, որ յանկարծ կը պատասխանէր խորհրդաւոր, նոյնքան ալ հաստատ ու վճռական.
– Որովհետեւ, ձագս, այդ տղոց մամաները, այդ երկու քոյրերը, «թո՛ւ, թո՛ւ, հեռու մեզմէ», հայկական ջուր խմած են:
Սկիզբը կարծեցի, թէ թունաւորուած էին: Վախցայ, որովհետեւ մենք ալ նոյն ջրհորը կը գործածէինք: Խելքս «այդչափ կը հասնէր»: Բայց մայրս՝ կռահելով վիճակս, արագ մը պարզած էր, թէ մեր դրացի երկու քոյրերուն միջեւ անհասկացողութիւն մը մեծ հարց դարձած էր, որ հետզհետէ աւելի մեծնալով ոխի վերածուած էր ու պատճառ դարձած, որ իրենց զաւակներն ալ զրկուէին իրարու հետ խօսելէ եւ խաղալէ:
Հայկական ջուր առեղծուածը այլեւս պարզ դարձած էր: Շանթահար այս իրականութեան մէջ, վայրկեանին ուղեղս բան չէր կրցած հասկնալ: Կարծես մօտս կը պակսէր պողպատէ տրամաբանութիւնը եւ կամ ալ աւետարանական խօսքի մը պարզ մեկնաբանութիւնը:
Քէնոտիլ, սրտնեղիլ, գժտուիլ, նախանձիլ, բամբասել, զիրար չհանդուրժել, չյարաբերիլ, չխօսիլ եւ բաժնուիլ:
Մէկ խօսքով, ամէն ժխտական երեւոյթ, որ կը կտրատէ երկու կամ աւելի բարեկամ մարդոց միջեւ գտնուող անկեղծ յարաբերութեան կապը: Մեծ մօրս եզրակացութեամբ, ինքնաբերաբար արդէն խմած կ՛ըլլան «հայկական ջուր»:
Ուրեմն ո՛չ ապակիէ շիշ եւ ոչ ալ փլասթիք, ո՛չ պաղ կամ եռացած եւ ոչ ալ հանքային:
Կը հաւատամ, որ երբեմն շատ հին գաղափարներ եւ տարրական ճշմարտութիւններ որոշ պատգամի մը ձեւերը կ՛առնեն: Այսպէս, եթէ անգամի մը համար նայինք մեր շուրջը, արդէն ամէն բան հասկցած կ՛ըլլանք:
Գաղտնիք մը չէ, որ գրեթէ ամէն մարդ անհատ, հայ կամ օտար, իր կեանքի ընթացքին, գիտակցաբար կամ ոչ, խմած ըլլայ այս «անմահական» եւ «թունաւոր» ջուրէն:
Իմ կարգիս, ի՜նչ մեղքս պահեմ, ես ալ խմած եմ: Ի՞նչ կրնամ ընել, երբ կը խմցնեն, պէտք է խմես…
Բայց ճիշդ բան չէ:
Իսկ այս բոլորին դարմանը մեծ մօրս դեղատոմսն է. լայնասրտութիւն, լայնախոհութիւն, փոխադարձ հասկացողութիւն ու մանաւանդ՝ ներողամտութիւն: Ասոնք քեզ եւ դիմացինդ կրնան փրկել այդ ջուրի ազդեցութենէն:
Ըսի մէյ մը դիտենք մեր շրջապատը: Այս օրերուն հազարաւոր մղոններ կտրած ենք ու կամովին եւ կամ ակամայ՝ հաստատուած ենք Ամերիկա կոչուած այս «դրախտ» երկիրին մէջ: Բայց մեզմէ շատ-շատեր չեն մոռցած իրենց հետ տակառներով կամ շիշերով այդ «հայկական ջուր»էն բերել ու ամէն առիթներով խմած ու խմցուցած են իրենց շուրջիններուն եւ կամ հարազատներուն:
Պատճառը շատ պարզ է, որովհետեւ նման մարդոց նոյնիսկ չես կրնար ըսել, թէ իրենց աչքին վրայ յօնք կայ:
Նահապետական դարաւոր աւանդութեան մաս կը կազմէ մեր համերաշխ կենակցութիւնը: Մեր իրարու հետ հաշտ ապրիլը էական ու կենսական է ոչ միայն մեզի, այլեւ մեր հայրենիքին: Որովհետեւ, վերջ ի վերջոյ մենք՝ իբրեւ հայեր, բոլորս ալ ունինք նոյն թշնամին, նոյն մարտահրաւէրները, նոյն ազգային հարցերն ու խոչընդոտները եւ նոյն ճակատագիրը: Ընտանեկան, ազգականական, միութենական կամ կուսակցական մեր փոխյարաբերութիւնները, այս կամ այն պատճառով մեր վէճերը ոխի եւ քէնի վերածելը, անկասկած, որ տկարամտութեան արդիւնք է: Նախանձ եւ նոյնքան ալ նախանձ:
Հայկական ջուր:
Օտարներն ալ ունին նոյն նկարագիրը: Դրացի վիէթնամցիս ալ խմած է նոյն ջուրէն: Բայց չեմ գիտեր իր խմած ջուրը ինչ կը կոչուի: Միայն այն գիտեմ, որ իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ երկու ամիսներէ ի վեր չի խօսիր կամ յարաբերիր մեքսիքացի միւս դրկից իր դրացիին հետ, որովհետեւ այս վերջինին ծառին տերեւները իր բակը կ՛աղտոտեն:
Մարդկային նկարագիր: Բայց մեզի ինչ: Կարեւորը մենք ենք, մեր իրարու միջեւ ստեղծած փոխյարաբերութեան ամրութիւնն է ու հարազատութիւնը: Էականը ընտանիքի անդամներու, ազգականներու, ընկերներու կամ բարեկամներու ու խնամիներու միջեւ լաւ եւ առողջ մթնոլորտ մը ստեղծելն ու պահելն է: Վէճերն ու թիւրիմացութիւնները, անհասկացողութիւններն ու տարբեր կարծիքներ յայտնելը շատ պիտի պատահին:
Այս բոլոր կէտերը մարդկային են, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ամէն մարդ նոյն ձեւով մտածելու կարողութիւնը չունենար եւ չունի:
Երբեմն, ես ինծի կ՛ըսեմ՝ երանի մեծ մայրս «հայկականի» տեղ, ուրիշ անուն մը տար այս ջուրին: Բայց ո՞վ գիտէ, այդ օրերուն, տարագրութեան այդ դժնդակ տարիներուն, ինչ ինչ ազդակներէ թելադրուած, խեղճ կինը «հայկական» բառին դիմած է, ո՞վ գիտէ:
Կ՛ըսեմ ու կը կրկնեմ, նախանձելի են բոլոր անոնք, որոնք չեն խմած այդ ջուրէն ու մինչեւ հիմա ալ չեն փորձեր խմել կամ խմցնել տալ այդ անիծեալ հեղուկը:
Նախակրթարանի տարիներուս Յարութիկին ու Յովսէփիկին մայրերը՝ իրենց վէճերուն իբրեւ արդիւնք, խեղճ տղոց խմցուցած էին այդ ջուրէն:
Այսօր ալ կան նման մայրեր, ընկերներ, միութենականներ, պաշտօնակիցներ: Ուստի, ես քիչը ըսեմ, դուք շատը հասկցէք:
Երբեք չփորձէք ինծի ալ ձեր մաքուր կամ կեղտոտ գաւաթներով, ձեր շինծու խօսքերով եւ եսասէր մօտեցումներով խմցնել այդ «հայկական ջուր»էն, որովհետեւ ես համը գիտեմ: Առած եմ: Թոյն է: Իսկապէս շատ անհամ է: Տրամադրութիւնդ կը քանդէ: Ժամերդ կը դառնան կսկիծ ու ցաւ: Օրերդ կը թունաւորէ ու կեանքիդ ուրախ երեւոյթը կը սրբէ:
Հաւատացէք, չեմ ուզեր ես ալ դասուիլ Յակոբիկիներուն եւ Յովսէփիկներուն շարքին:
Իսկ եթէ դուք կ՛ուզէք դասուիլ, ազատ էք. դուք ձեզ զրկեցէք այս կարճ կեանքը հանգիստ ու խաղաղ ապրելու իրաւունքէն: Կարճամտութիւնը խենթութիւն է, ըսած են մեր մեծերը: Այս բոլորը գիտակցելու զօրութիւնը պէտք է ունենալ եւ զայն վայելել գիտնալ:
Հայկական ջուր:
Քիչ մը լայնախոհութիւն եւ քիչ մըն ալ շրջահայեացութիւն՝ արդէն բաւարար է:
Կը հաւատամ, որ տակաւին շատեր, մինչեւ օրս, գրեթէ ամէն օր կը խմեն այդ ջուրէն:
Բայց նոյն այս մարդիկը մէկ բան պէտք է գիտնան, որ այդ ջուրով կենաց չեն կրնար խմել: