Միջազգային դրամական հիմնադրամը Մարտ 27ին հաղորդեց, թէ Ուքրանիան տնտեսական ճգնաժամէն դուրս բերելու համար պատրաստած է 14-18 միլիառ տոլարի օժանդակութեան ծրար մը, որուն տիրանալու համար, Քիեւի իշխանութիւնները պէտք է յատկանշական բարեփոխումներ կատարեն քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներէն ներս: Իր կարգին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յոյս յայտնեց, որ յաւելեալ պատժամիջոցներու սպառնալիքը բաւարար կ՛ըլլայ Ռուսիան զսպելու, որպէսզի ետ կանգնի Ուքրանիոյ այլ բաժիններ իրեն կցելէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.