ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Քեսապահայերը յոյսով եւ հաւատով կը սպասեն, որ ռազմական գործողութիւնները աւարտին, եւ իրենք կը վերադառնան իրենց բնակավայրերը»: Իրենց օճախներէն տեղահան եղած եւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ապաստան գտած քեսապահայերը այս հաստատումը կատարած են՝ Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
Պատգամաւորներուն ընդունած են Սուրիոյ խորհրդարանի Լաթաքիոյ երեսփոխաններ, Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Հալէպի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեան: Ընդունելութենէն ետք պատգամաւորները ուղղուած են Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր հանդիպում ունեցած են Լաթաքիոյ եւ Քեսապի հոգեւոր հայրերուն հետ, ինչպէս նաեւ Քեսապէն Լաթաքիա ապաստանած գաղթական քեսապահայութեան հետ եւ մանրամասնօրէն ծանօթացած քեսապահայութեան հարցերուն: Հանդիպումներուն ընթացքին սուրիական պատուիրակութեան նախագահը յայտնած է, որ քեսապցիները շուտով պիտի վերադառնան իրենց տուները եւ ապրին խաղաղ վիճակի մէջ, տուժածները պիտի ստանան վնասուց հատուցում:
Հայրենի խորհրդարանականներու պատուիրակութիւնը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ամէն կարելին պիտի ընէ, որպէսզի սատար կանգնի քեսապահայութեան:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան, որ ներկայ էր հանդիպման, յայտնած է, որ ներկայիս թէժ բախումներ տեղի կ՛ունենան Քեսապի մէջ եւ սուրիական բանակը պիտի փորձէ 48 ժամուան ընթացքին պիտի փորձէ ազատագրել Քեսապը: Ան հաստատած է, որ ներկայ դրութեամբ քեսապահայերը ապահովուած են սննդամթերքով, ծածկոցներով: «Քեսաբահայերը ծանր հոգեբանական վիճակում էին եւ աղերսող աչքերով օգնութիւն էին խնդրում: Նրանց վիճակն աւելի էր վատացել այն բանից յետոյ, երբ լուրեր էին լսել իրենց բնակարանների ալան-թալանի մասին», դիտել տուած է դեսպանը:
«Շուրջ 703 ընտանիք գաղթել են Քեսաբի մօտ 11 գիւղերից: Գաղթած ընտանիքների մէջ կան նաեւ հալէպցի փախստականներ: Քեսաբի բնակիչների մի մասն էլ մեկնել է Լիբանան, միւսներն իրենց ժամանակն անցկացնում են եկեղեցում», նշած է դեսպան Փոլատեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.