ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Քանկոր» սրտանօթային բժշկական կեդրոնի ղեկավար Շահէն Խաչատրեան 27 Մարտին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ՝ «Հայաստանի մէջ սրտաբանական կլինիկաների թիւն աւելի մեծ է, քան երկրի պահանջարկը»։ Ան դիտել տուած է, որ այս երեւոյթը ունի իր դրական եւ ժխտական կողմերը։
«Եթէ կլինիկաները ծանրաբեռնուած չեն աշխատում, նրանք որակաւորման իմաստով հետ են մնում, որովհետեւ բժիշկը պէտք է գոնէ մինիմալ քանակութեամբ վիրահատութիւններ կատարի եւ որոշակի ծանրաբեռնուածութիւն ունենայ», ըսած է Շահէն Խաչատրեան:
Միւս կողմէ, Խաչատրեանի կարծիքով, ուրախալի է, որ Հայաստանի մէջ սրտաբանական կեդրոնները շատ են, քանի որ երկրին մէջ լաւ մասնագէտներ կան: «Սրտի որակեալ մասնագէտ ստեղծելը բաւական բարդ խնդիր է՝ տարիներ են անհրաժեշտ, որպէսզի ուսանողը սրտաբան դառնայ», նշած է Խաչատրեան:
Ըստ Խաչատրեանի՝ սրտաբանութեան ոլորտը Հայաստանի մէջ լաւապէս զարգացած է, իսկ «սրտաբանական հիւանդութիւնների բուժման համար բացի սրտի փոխպատուաստումից ամէն ինչ արւում է: Սրտի փոխպատուաստումն էլ չի արւում ոչ թէ այն պատճառով, որ դժուար վիրահատութիւն է, այլ որովհետեւ մեր հասարակութիւնը դեռ պատրաստ չէ դրան»:
Խաչատրեանի համաձայն՝ զարգացած երկիրներուն մէջ կան յատուկ յանձնաժողովներ, որոնք կ՛որոշեն, թէ ով կրնայ սրտի նուիրատու ըլլալ. այդ անձը պէտք է մահացու հիւանդութիւն ունենայ: «Հայաստանում այդպիսի վիրահատութիւններ ներդնելը դեռ վաղ է, քանի որ հնարաւոր են չարաշահումներ», յայտնած է ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.