
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Եւրոպական միութիւնը տեղեակ պահած է Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին, որոնց առնչութեամբ իր պաշտօնական տեսակէտը արտայայտած է միութիւնը։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Թրայեան Հրիսթէան ըսած է: «Մենք արդէն Պրիւքսէլի փոխանցած ենք մեր ուղերձը եւ հետամուտ պիտի ըլլանք գիտնալու, թէ անոնք ինչպէս պիտի անդրադառնան այս հարցին։ Մեր պատգամը յստակ է՝ բացարձակապէս անընդունելի են Քեսապի հայ քաղաքացիներուն դէմ եղած գրոհները»։