
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատան խորհրդական Իկոր Ռոման «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի մօտ Ուքրանիոյ դեսպան Իվան Քուխթա, որ Քիեւ մեկնած էր, յառաջիկայ շաբաթ պիտի վերադառնայ Երեւան։
Ըստ անոր՝ դեսպանը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան. ան նշածէ, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզելու մասին խօսք չի կրնար ըլլալ։
Ուքրանական լրատուական գործակալութիւնները նախապէս հաղորդած էին, որ Ուքրանիա Հայաստանի մօտ իր դեսպանը խորհրդակցութեանց համար կանչած է Քիեւ՝ Հայաստանի կողմէ Խրիմի նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքին լոյսին տակ։