ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տօնական օրերու ընթացքին եւ կամ կրկէսներու մէջ, յատկապէս մանուկները զուարճացնելու եւ անոնց մանկական միտքը ապշեցնելու համար վարպետ լարախաղացներ կը վարձուին:
Երկու սիւներու միջեւ ամրացրուած մետաղեայ ամուր լարին վրայէն հաւասարակշռուած մարմինով ու չափուած քայլերով յառաջացող լարախաղացը, իր այդ հանդիսութիւնը կազմակերպելու համար վստահաբար շա՜տ ջանք ու ճիգ ի գործ դրած կ՛ըլլայ: Այլապէս, ժողովրդային բազմութեան դիմաց ելոյթ ունեցած միջոցին լարին վրայէն վար իյնալը մեծ արատ պիտի բերէ իր վաստակին եւ այդ յատուկ յայտագիրը կազմակերպողներու անունին:
Լարախաղացներու հիմնական գործը կեդրոնացումն է, որովհետեւ եթէ ուշադրութիւնը ցրուի եւ ներկաներու ծափողջոյններուն ու քաջալերական խօսքերուն ականջ տայ, կրնայ կորսնցնել իր հաւասարակշռութիւնը ու վար իյնալ:
Տեսնուած է որ նոյնիսկ լարախաղացին հանդիսատեսները լուռ կը մնան, ու իրենց աչքերը անքթիթ կը պահեն անոր վրայ եւ միայն վտանգաւոր շարժումներ ընելու պարագային սոսկումի բացագանչութիւններ կ՛արտաբերեն իրենց սիրտի խորերէն, իսկ երբ ապահով հասնի լարին միւս կողմը, ծափերով իրենց գնահատանքը կը յայտնեն՝ «անկարելի»ն յաջողցուցած ըլլալուն համար: Ամէնէն ցաւալի պարագան անոր վար իյնալն է, նոյնիսկ եթէ մասնաւոր բազմոցներ կամ յատուկ սպունգներ դրուած ըլլան յատակին, ճիշդ այդ հաւանական անկումին համար: Ցաւը անոր համար, որ նպատակին չկրցաւ հասնիլ եւ ճամբու կիսուն վերջ գտաւ իր «խաղ»ը:
Ո՛չ ոք այնպէս կարծէ, թէ՝ վարպետ լարախաղացը չ՛իյնար, այնպէս ինչպէս ոմանք կը խորհին թէ վարպետ լուղորդը ամէնէն հսկայ ալիքներն ալ կը յաղթահարէ: Ո՛չ, սխալ է այդ կարծիքը: Աշխարհի ամէնէն վարպետ թէ՛ լարախաղացը եւ թէ լուղորդն ալ կրնան իյնալ կամ խեղդուիլ: Անոնք մինչեւ իրենց վարպետ դառնալը շատ ինկած ու ելած են, իսկ վարպետ լուղորդներ շատ անգամ հազիւ անցուցած են խեղդուելու վտանգը:
Վերոյիշեալ օրինակները, երկու պարագաներուն ալ, ուրեմն կը հաստատեն, թէ աշխարհի մէջ չկայ կատարեալ լարախաղաց, ո՛չ ալ կատարեալ լուղորդ: Լողացող ծովայիններուն մէջ, օրինակի համար, օձաձուկը ամէնէն աւելի վարպետը կը նկատուի, որովհետեւ սողոսկելով կրնայ ակնթարթի մէջ հեռանալ, առանց բռնուելու ձկնորսներու կողմէ: Սակայն անոր պարագային ալ յաճախ կը տեսնենք, որ իր բոյնը մտնելէ ետք, պոչին ծայրը դուրս կը մնայ, նման արագաշարժ մկնիկներուն:
Ընկերային կեանքը բնաւ տարբեր պատկեր չի՛ ներկայացներ, քան՝ լարախաղացին դրութիւնը, որ միշտ իյնալու վտանգին դիմաց կը գտնուի:
Փոխաբերական իմաստով իմացուած լարախաղացներով լեցուն է մարդկային ընկերութիւնը: Ա-նոնք այնպէս կը խորհին, թէ վար իյնալու մնայուն վախը, որ իրենց սրտին մէջ կը պահեն, ուրիշներու համար անծանօթ է: Սակայն, անոնց խաղերը ու մանաւանդ լարի վրայ երթուդարձի պահուն զգացած վախը բոլորն ալ կ՛իմանան, ինչքան ալ անոնք ժպիտներով ու դէմքի ծամածռութիւններով փորձեն հանդիսատեսին ուշադրութիւնը շեղել այդ կէտէն:
Լարախաղացներու կը նմանին նաեւ դէմքիդ ժպտացող ու քեզ հետ ընկերութիւն ընող, սակայն միեւնոյն ժամանակ թշնամիիդ բարեկամ ու անոր ընկերացող անձերը: Մէկ բան մոռացութեան կու տան այս «ճկուն» լարախաղացները, թէ՝ կա՛մ այդ լարը, որուն վրայ «կը պարեն» անոնք դիւրաբեկ է, եւ կամ՝ իրե՛նք հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած մարդիկ են այլեւս: Ուստի այս երկու պատճառներէն մէկուն կամ միւսին հետեւանքով յանկարծ գետին պիտի փռուին նոյնիսկ ամէնէն «ընտիր» լարախաղացները:
Այսօրուան աշխարհը իր բոլոր ծայրամասերուն համար ալ արագ հաղորդակցութեան հնարաւորութիւններով, այս խնդիրին դիւրութիւն ընծայած է: Դիւրին է այլեւս ո՛չ միայն ճանչնալ անձերը իրենց անուններով ու մականուններով, տարիքով ու յաճախած դպրոցներով, ունեցած վկայականներով կամ ներկայի գործի զբաղումով, բայց նաեւ այլ մանրամասնութիւններով: Վերոյիշեալ բոլոր տեղեկութիւններուն պարագային մարդ կրնայ ստել: Օրինակ, կրնայ իր իսկական անունը պահելով, կեղծանուն մը օգտագործել: Կամ՝ կրնայ իր լուսանկարը զետեղելու փոխարէն գեղադէմ անձի մը լուսանկարը օգտագործել: Սակայն, ինչ ալ ընէ, ինչպէս ալ ընէ, տուեալ անհատը չի՛ կրնար չներկայացնել իր նախասիրութիւնները, որոնց ճամբով արդէն ընթեռնելի կը դառնան իր նկարագրային որոշ գիծերը:
Լարախաղացներու պարագային, եթէ ձեռքի փայտը մեծ նշանակութիւն ունի հաւասարակշռութիւնը պահելու համար, ընկերային կեանքի այս լարախաղացներն ալ ամէն միջոցի կը դիմեն «երկու կողմեր»ուն միջեւ հաւասար հեռաւորութիւն պահպանելու համար: Կրկէսներու իսկական լարախաղացներուն երբեմն կը յաջողուի այդ հաւասարակշռութիւնը պահել, ու անոնք մինչեւ լարին միւս կողմը կը հասնին ապահով: Սակայն այդ բնա՛ւ չի նշանակեր, թէ միշտ պիտի կարենան նոյն յաջողութեամբ աւարտել իրենց հրապարակային ելոյթները: Իյնալու վախը միշտ կայ անոնց սիրտին մէջ: Մինչդեռ ընկերային կեանքի լարախաղացները աւելի յիմար են: Կը կարծեն թէ մարդ չի՛ տեսներ իրենց «պար»ը: Անոնց այնպէս կը թուայ, թէ առանձին սենեակի մէջ լար կապած՝ անոր վրայէն կը քալեն: Բայց չըսի՞նք արդէն, թէ աշխարհի ներկայ հաղորդակցութեան կապը ամէն ինչ բացայայտելու «պարտաւորութիւն»ը ունի: Որովհետեւ ամէն մարդ իր նախասիրութիւնը, ներքին ապրումները, հրապարակայնօրէն ըսել չի՛ կրցածը ու ձախորդութեան հետեւանքով ընել չի՛ կրցածը ա՛յդ ճամբով կը կատարէ, աշխարհէն, մարդկութենէն ու իր անմիջական շրջապատէն վրէժ լուծելով:
Ժողովրդային իմաստութիւնը վաղուց բացայայտած է այս կացութեան գաղտնիքը ու դրութենականացուցած իրավիճակը, թէ՝ «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է»: Սակայն ո՞վ է ժողովրդային իմաստութեան ականջ տուողը: Բոլորն ալ վարպետ լարախաղաց կարծելով իրենց անձը, լարի վրայ կը բարձրանան, սակայն յանկարծ գետին կ՛իյնան ու ալ չեն կրնար բարձրանալ:
Պէտք չէ՛ մոռնալ նաեւ, որ ամէնէն ճկուն լարախաղացներն ալ, հանդիսատեսներուն մէջ գտնուող մանուկներուն ճչոցներէն կրնան շփոթիլ ու խայտառակուիլ վար իյնալով: Այս լարախաղացն ալ այդպէս ինկաւ, ո՛չ թէ լարին թուլութենէն, ո՛չ ալ հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելէն, այլ՝ երեխաներու հանած աղմուկէն…