ՀԱԼԷՊ, «Բերիոյ Նիուզ».– Հալէպի ու սուրիական կարգ մը հայաշատ շրջաններ կը շարունակեն ենթակայ ըլլալ բուռն հրթիռարձակման: Մէկ օրուան ընթացքին աւելի քան 70 հրթիռ ինկած է այդ շրջանին մէջ:
Այս անգամ թիրախը Նոր Գիւղի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին եւ շրջակայ շէնքերու տանիքները եղած են: Կան վիրաւորներ, որոնցմէ երեքը՝ հայ:
Ռմբակոծուած է նաեւ հայաշատ Սուլէյմանիէ շրջանը: Վերջին երկու օրերու պայթումներուն իբրեւ հետեւանք, նիւթական մեծ կորուստներ արձանագրուած են։ Հայկական կարգ մը թաղամասեր աւերակներու վերածուած են:
Նախորդ քանի մը օրերուն, Հալէպի մէջ Սուրիոյ բանակին եւ ապստամբներուն միջեւ կատաղի մարտեր տեղի ունեցած են: Հակառակորդի թիրախը հիմնականին մէջ հայաշատ շրջաններն են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.