

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, 28 Մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 2ին, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Քեսապի հայրենակցական միութեան հրաւէրին՝ զօրակցութեան ցոյց կատարեցին Լոս Անճելըսի մէջ թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:
Ցուցարարները թրքական իշխանութեանց կողմէ հովանաւորուած Քեսապի վրայ յարձակումները դատապարտող լօզունգներով ու պաստառներով, երկու ժամ քալեցին թրքական հիւպատոսարանին առջեւ:
Ցոյցի աւարտին, մասնակիցներուն իրենց պատգամը փոխանցեցին Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճեք Հաճինեան, Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր տնօրէն Էլէն Ասատրեան, Հայ իրաւաբաններու միութեան նախագահ Կարօ Ղազարեան,Քեսապի կրթասիրաց ընկերակցութեան ատենապետ Էսթեր Չէլէպեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ:
Բոլորս ալ քեսապցի ենք ու թոյլ պիտի չտանք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կրկնեն ցեղասպան իրենց ոճիրները՝ շեշտեցին պատգամախօսները: Անոնք նաեւ պահանջեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններէն, որ կասեցնեն Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու եւ փոքրամասնութեանց դէմ կոտորածներ իրականացնող ծայրայեղական զինեալներուն տրամադրուող օժանդակութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջեն «դաշնակից» Թուրքիայէն, որ դադրեցնէ սուրիահայութեան դէմ ընդհանրապէս եւ Քեսապի հայ բնակչութեան դէմ՝ մասնաւորապէս, շղթայազերծած իր ցեղասպան գործողութիւնները:
Պատգամախօսները նաեւ դիմեցին ներկաներուն, որ մասնակցին առցանց ձեռնարկուած «Փր-կենք Քեսապը» արշաւին:
Ցոյցը աւարտեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով:







