
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի մշակութային բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 12ին եւ 13ին տեղի պիտի ունենան Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակին նուիրուած՝ «Կարմիր Կակա»չ խորագիրով ոգեկոչման իւրայատուկ «տեսողական հրապարակային քննարկումներ»՝ «Հակառակ անոր՝ կը բարգաւաճինք» ենթախորագիրով:
Շաբաթ, Ապրիլ 12ի ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան կ.ա. ժամը 11էն 1ի միջեւ, ինչպէս նաեւ կ.ե. ժամը 4էն 7, իսկ Կիրակի, Ապրիլ 13ի ձեռնարկը՝ կ.ա. ժամը 11էն 1ի միջեւ, «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին մէջ (3347 N. San Fernando Rd., Los Angeles CA 90065): Մուտքը ազատ է:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (323) 256-0751 թիւին կամ info@ararat.org հասցէին: