
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 4 Ապրիլին ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան։
Զրուցակիցները քննարկած են ՀԱՊԿ ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպման ընթացքին Նիքոլա Պորտիւժա նախագահ Սարգսեանին զեկուցած է Կազմակերպութեան ընթացիկ գործունէութեան, համագործակցութեան ծիրին մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն, ինչպէս նաեւ 3 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մասին՝ Սուրիոյ մէջ շարունակուող ճգնաժամի եւ երկրի հիւսիսարեւմուտքի իրավիճակի կտրուկ սրման կապակցութեամբ:
Յիշեցնենք, որ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին, Հայաստանի նախաձեռնութեամբ որդեգրուած է Քեսապի վերաբերող յայտարարութիւն, որուն մէջ խստօրէն կը դատապարտուէր Քեսապի հազարաւոր հայ բնակիչներու տեղահանումը:
Միւս կողմէ, ՄԱԿի մօտ Ռուսիոյ ներկայացուցչութիւնը Ապրիլ 4ին ցաւ յայտնած է, որ Արեւմուտքը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ դէմ կը դնէ Քեսապի մէջ իսլամ ծայրայեղական զինեալներու գործողութիւնները դատապարտելու փորձերուն:
Նշենք, որ ռուսական պատկերասփիւռի կեդրոնական ընկերութիւնները կրկին անդրադարձած էին Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ վերստին տեսագրութիւններ ցուցադրած էին այս մասին՝ նշելով, որ հայութիւնը այսօր կը գտնուի դժուար վիճակի մէջ։