ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ հայութեան առնչուած հետաքրքրական երկու դասախօսական ձեռնարկներ տեղի ունեցած են վերջերս:
Համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Փետրուար 12ին տեղի ունեցած է Խրիմի եւ Ռումանիոյ հայութեան արուեստին նուիրուած քննարկում մը՝ առաջնորդութեամբ Երեւանի Պետական համալսարանէն դոկտ. Լեւոն Չուքասզեանի:
Դասախօսական երկրորդ ձեռնարկը տեղի ունեցած է Փետրուար 20ին. անոր ընթացքին դոկտ. Արթին Արսլանեան (Նիւ Եորքի «Մարիսթ» համալսարանէն) խօսեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին Բրիտանիոյ իշխանութեանց կողմէ հայութեան տրուած խոստումներուն եւ անոնց անտեսման մասին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.