ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բարձրաստիճան հանդիպում մը, որ այս շաբաթ պիտի կայանար, յետաձգուած է եւրոպական կողմի նախաձեռնութեամբ, որովհետեւ եւրոպացիները ունեցած են այն մտավախութիւնը, թէ նման հանդիպում մը կրնայ աւելի եւս սրել երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք վատթարացած էին՝ Թուրքիոյ իշխանութեանց կողմէ առնուած մենատիրական քայլերը դատապարտող եւրոպական յայտարարութեանց պատճառով:
Ըստ եւրոպացի դիւանագէտի մը՝ հանդիպման դէմ արտայայտուած են նաեւ անոնք, որոնք պարզապէս դժգոհ են արտայայտուելու ազատութեան դէմ Թուրքիոյ իշխանութեանց վերջին քայլերէն: Շարք մը այլ եւրոպացի ղեկավարներ յայտարարած էին, թէ «Թուիթըր»ը եւ «ԵուԹիւպ»ը փակելու որոշումները խոտոր կը համեմատին Եւրոմիութեան չափանիշներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.