
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինին կողմէ կազմակերպուած երկու զօրակցական համերգները նուիրուած էին ամբողջ սուրիահայութեան, իսկ Ապրիլ 29ին կայանալիք յաջորդ համերգը՝ «ՀայԷյտ 3»ը, պիտի նուիրուի յատկապէս Քեսապը փրկելու եւ քեսապահայութեան նեցուկ կանգնելու ջանքերուն:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի, Ապրիլ 29ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ալեքս» սրահին մէջ (216 N Brand Blvd., Glendale, CA 91203): Տեղեր ապահովելու համար, այցելել itsmyseat.com/HyeAID կայքը կամ դիմել (323) 919-9886, (818) 726-0903 թիւերուն:
Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինին հասցէներն է՝ P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209, կամ SyrianArmenianReliefFund.org:
Նշենք, որ Ապրիլ 1ին, Ռեսիտայի «Քեսապ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած էր համայնքային հանդիպում մը՝ Քեսապի վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ, որուն ընթացքին ելոյթներ ունեցած են Հայ Դատի յանձնախումբի, Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինի, ՀՅԴի եւ ՀԵԴի ներկայացուցիչները: Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութիւնը կոչ ըրած է քեսապահայութեան օժանդակելու համար նուիրատուութիւններ կատարելու՝ Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինին (SARF), ՀՕՄին կամ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջոցաւ:
Լոս Անճելըսի Քեսապի Կրթասիրաց միութիւնը նաեւ կոչ ըրած է ՄԱԿին, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ զինադադար հաստատելու համար Քեսապի մէջ, միաժամանակ՝ երաշխաւորելու տեղահանուած քեսապցիներուն ապահովութիւն ու անոնց վերադարձը:
Միութեան հետ կապ հաստատելու համար, դիմել keaofla1@yahoo.com հասցէին կամ (818) 344-1959 թիւին: