ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Փիւլիցըր» մրցանակի արժանացած յայտնի լրագրող Սիմոր Հըրշ Երկուշաբթի, Ապրիլ 7ին, «Տիմաքրըսի Նաու» յայտագիրին մէջ Էյմի Կուտըմի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է անցեալ տարի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած քիմիական զէնքով յարձակումին մէջ Թուրքիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ մեղսակցութեան հաւանականութեան մասին:
Հըրշ, որ այս մասին յօդուած մը գրած էր «Լոնան Ռիվիու»ի մէջ, կը նշէ, թէ Սպիտակ տունը յարձակումէն առաջին իսկ տեղեկացած էր, թէ «Ճապհաթ Նուսրա»ի անդամ ըմբոստները քիմիական զէնքեր արտադրելու միջոցներ ստացած էին Թուրքիայէն եւ Սէուտական Արաբիայէն, սակայն յարձակման օրերուն այդ մասին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարած են: Հըրշ կ՛աւելցնէ, թէ քիմիական յարձակումին նպատակը եղած է Սուրիոյ վրայ միջազգային յարձակումի մը առջեւ դուռ բանալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.