ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետ, զօր.-գնդապետ Եուրի Խաչատուրով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցած է աշխատանքային երկօրեայ այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿի միացեալ ղեկավարման մարմինի պետ, զօր. Ալեքսանտր Սթուտենիքինի հետ:
Նոյն օրը Ա. Սթուտենիքին տեսակցութիւն ունեցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուած են ռազմական բաղադրիչի զարգացման առնչուող հարցեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.