
ՄԱԿ.- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնած է Քեսապի վերաբերեալ տարածուած լուրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող մահապատիժներու սարսափելի տեսարաններուն առնչութեամբ: «Հակառակ անոր, որ ՄԱԿը չի կրնար ստուգել հաղորդուող վայրագութիւններուն իսկութիւնը, սակայն մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ աճող բռնութիւնները անհերքելիօրէն կը շարունակուին եւ ամբողջ գիւղերու բնակիչներ, ինչպէս օրինակ՝ Քեսապի մէջ, ստիպուած կ՛ըլլան փախչիլ», ըսուած է ՄԱԿի հաղորդագրութեան մէջ:
Պան Քի Մուն նշած է, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը շարունակեն ամբողջ թաղամասեր քանդել ու մտահոգութիւն յայտնած է, որ կազմակերպութեան կողմէ ահաբեկչական նկատուած խմբաւորումները կը շարունակեն վայրագաբար յարձակիլ քաղաքային բնակչութեան վրայ:
Պան Քի Մուն մտահոգիչ նկատած է Սուրիոյ մէջ շարունակուող տագնապին ընթացքին վայրագութիւններուն մասին տրուած հաղորդագրութիւնները եւ կոչ ուղղած է հակամարտող կողմերուն եւ անոնց աջակիցներուն պաշտպանելու քաղաքայինները՝ անկախ անոնց կրօնական, համայնքային եւ ազգային պատկանելիութենէն: