ԵՐԵՒԱՆ.– Նոր վարչապետի նշանակման շուրջ խորհրդակցելու համար Հանրապետութեան նախագահը 10 Ապրիլին հանդիպումի հրաւիրած է խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները: Ասիկա նախատեսուած է Հայաստանի Սահմանադրութեամբ:
9 Ապրիլին Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան ըսած է, որ 10 Ապրիլին իրենք նիստ պիտի կայացնեն ու պիտի հրապարակեն խմբակցութեան որոշումը:
Նախապէս Զուրաբեան յայտնած էր իր անձնական տեսակէտը՝ նշելով, որ «ոչ լեգիտիմ նախագահի հետ հանդիպման ՀԱԿը չի գնայ»:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը դեռ չի քննարկել ու որոշել, կը գնա՞յ հանդիպման, թէ ո»չ: Այս մասին յայտնած է Ռուբէն Յակոբեանը: Միւս կողմէ, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան Ազատութիւն հրապարակին վրայ 8 Մարտին արդէն յայտարարած էր, որ իր կուսակցութիւնը պիտի չհանդիպի նախագահին հետ:
Իսկ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան տեղեկացուցած է, որ ՀՅԴն պիտի երթայ հանդիպումին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.