Քեսապի հայաթափման վտանգին դէմ հնչող ահազանգը կը շարունակէ արձագանգել հայաշխարհի տարածքին՝ համահայկական զօրաշարժի հրամայականը շեշտելով եւ ազդու, հատու քայլերու անյետաձգելի օրակարգը դնելով հայ քաղաքական միտքի բոլոր թեւերուն առջեւ։
Տարբեր ալ չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ հայ ազգային ռազմավարութեան եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան հաշւոյն՝ ծանրագոյն հետեւանքներով յղի են Կիլիկեան Հայաստանէն վերապրող հայաբնակ վերջին ոստանին դէմ գործուած զինուորական գրոհը եւ անոր հետեւած Քեսապի պարպումը հայ բնակչութեան կողմէ։
Ինչ որ ալ ըլլայ Քեսապի մէջ եւ շուրջ շարունակուող զինուորական գործողութեանց հետագայ ընթացքը, որքան ալ գորդեան հանգոյցի մը նմանի Քեսապի տիրակալութեան համար մղուող կռիւը՝ իր ներքին-քաղաքացիական թէ արտաքին-թրքական հրահրումներով, հայ քաղաքական միտքը չի կրնար անտեսել այն դառն ու դաժան իրողութիւնը, որ Քեսապի հայաթափումը այսպիսով թեւակոխած է նոր հուն։
Տասնամեակներէ ի վեր եւ բոլորիս աչքերուն առջեւ փաստօրէն ընթացող Քեսապի հայութեան դանդաղ, այլեւ ակամայ արտագաղթը ահա զգեցած է ազգային ողբերգութեան տարողութիւն, որովհետեւ այսօր արդէն հայութիւնը բրտօրէն կը հեռացուի իր հայրենի հողէն։
Միակ այն փաստը, որ 2014 թուականին երկու հազար ընտանիք հաշուող հայեր, ուղղակի թէ անուղղակի կերպով մահուան սպառնալիքի տակ, ստիպուեցան լքել ու հեռանալ իրենց հայրենի տունէն ու հողէն, ինչքէն ու գործէն, ապահովութենէն ու հանգիստէն, ինքնին ազգային-քաղաքական առումով հեղձուցիչ է ու զգետնող՝ տարագրութեան եւ հայրենահանութեան ահաւոր ժառանգութիւն մը իր ուսերուն կրող մերօրեայ հայութեան համար, աշխարհի որ ափին ալ ապրի ան։
Այսպէ՛ս, Քեսապի հայաթափման աղէտը ազգային-քաղաքական կորուստներու եւ անկումներու ամբողջ զառիթափի մը կը մատնէ պահանջատէր հայութիւնը, իսկ ահազանգի ղօղանջները ազգովին սթափելու հրամայականը կը շեշտեն, որպէսզի մեր ժողովուրդը ամենայն պատասխանատուութեամբ հաշուի նստի իր երէկուան ու այսօրուան ըրածին եւ չըրածին համար, որպէսզի վաղը եւ գալիքին արթուն գտնուի եւ դիմագրաւէ… Քեսապի հայաթափման հարուածին բացած խոցերը։
Որովհետեւ այսօրուան ահազանգի ղօղանջները ուղղուած են ոչ միայն Քեսապը հայաթափ ընելու, այլեւ ընդհանրապէս Հայ Դատի պահանջատիրական պայքարը ջլատման ենթարկելու վտանգներուն ու սադրանքներուն դէմ։
Միայն քաղաքական զզուանքով կարելի է ունկնդրել իբր թէ «իմաստութեան» եւ «ողջմտութեան» կոչերը բոլոր անոնց, որոնք այս օրերուն «ամենայն լրջութեամբ» կը յորդորեն Քեսապի վրայ գործուած գրոհը… չընկալել իբրեւ հակահայ քայլ ու չծառայեցնել հակաթուրք քարոզչութեան, այլ ընկալել իբրեւ Սուրիոյ քաղաքացիական տագնապին հետ բնականաբար եկող չարիքի… որմէ կը տուժեն եղեր բոլոր սուրիացները, ազգային ի՛նչ ծագում ալ ունենան անոնք։
Թուրք ազատախոհ մտաւորականութիւնը ի՛նք բողոքի եւ դատապարտանքի ձայն կը բարձրացնէ Քեսապի հայաթափման նպատակով թրքական պետութեան սադրած զինուորական գրոհին դէմ։
Մինչդեռ մեր ծոցին մէջ այսօր ալ չեն պակսիր հայութեան գլխուն քաղաքական եւ քաղաքացիական «հասունութեան» քարոզներ կարդացողներ։
Ողբերգական զաւեշտը այն է, որ նման քարոզներ լսելի կը դառնան թէ՛ Հայաստանէն, թէ՛ Սփիւռքէն։
Թէ՛ հայրենական այսպէս կոչուած «պետական մտածողութեան» դիրքերէն, թէ՛ յանուն… սփիւռքեան քաղաքացիական «դրական չէզոքութեան»։
Իսկ անդին թրքական պետութիւնը քաղաքական եւ դիւանագիտական «ամենայն ձեռնհասութեամբ» յառաջ կը մղէ տարածաշրջանի մեծ հրձիգի իր վարքագիծը՝ հարուածի տակ առնելով, այլոց շարքին, նաեւ ու մանաւանդ հայութեան իրաւունքներն ու պահանջները։
Թուրք պետական քարոզչական մեքենան ամէն աղբիւրէ ջուր կը բերէ, որպէսզի արար-աշխարհին տարհամոզէ, թէ Անգարա կապ չունի եղեր Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ յայտնուած սանձարձակ «Քայիտա»յի «ծայրայեղականներուն» կամ թրքացեղ «վարձկաններուն» հետ։
Իսկ հայ քաղաքական մտքի անունով յանկարծ գլուխ կը ցցէ մօտաւոր անցեալի մոռացութեան փոշիին յանձնուած ԱՍԱԼԱ մը, որ թուրք պաշտօնական քարոզչութեան ջրաղացին հիմնաւորման ջուր կը հոսեցնէ՝ «հայկական ահաբեկչութեան» եւ «ծայրայեղականութեան» ուրուականով միջազգային հանրային կարծիքը մոլորեցնելու համար…
Այս առումով Քեսապի հայաթափման վտանգին դէմ հնչող ահազանգի ղօղանջները առաջին հերթին թրքական գործօնին վրայ կը կեդրոնացնեն հայ քաղաքական միտքին ուշադրութիւնը։
Թուրք պետական մտածողութիւնը երէկուան երեխան չէ, որպէսզի 2014 թուին եւ օր-ցերեկով Հայկական Կիլիկիայէն «թանգարանային նմոյշ» մնացած Քեսապը փորձէ բացայայտօրէն եւ ուղղակիօրէն հայաթափման ենթարկել։
Քեսապի վրայ գործուած զինուորական գրոհը անկասկած սուրիական ներքաղաքական ծալքեր ունի։
Հայ բնակչութեան կողմէ հայրենի օճախին զանգուածային պարպումը անկասկած ներքին խոցեր երեւան կը հանէ։
Հարցականները բազում են, եւ հայ քաղաքական միտքը պատասխանը պէտք է գտնէ բոլորին։
Ինչո՞ւ Հալէպի հայութեան ճգնաժամէն ետք հայկական Քեսապը եւ անոր հետ Հայաստանի պետութիւնն ու Սփիւռքի ազգային-քաղաքական ղեկավարութիւնները պատրաստ չէին թրքական անխուսափելի հրձիգութեան։
Արդեօք պատրա՞ստ էինք եւ Քեսապի այսպիսի «ժամանակաւոր պարպումը» հայկական պատասխա՞նն էր թրքական սադրովի հարուածին։
Հարցադրումներն ու յստակացումները կարեւոր են, բայց վերջին հաշուով որպէսզի լոյս սփռեն այն բուն խոցին վրայ, որ Քեսապի հայաթափումով պիտի բացուի հայ քաղաքական մարմինին մէջ։
Հայեւթուրք յարաբերութեանց լայն պաստառին վրայ, սուլթաններու ժամանակներէն ի վեր, թրքական պետութիւնը Հայկական Հարցէն (թրքական մտայնութեամբ՝ «հայկական փորձանքէն») ձերբազատելու մէկ ուղի տեսած է, որ Քրիստափորի պատկերաւոր ախտորոշումով՝ «վիրահատման նշդրակ»ի գործածութիւնն է հայութեան բնաջնջումով այսպէս կոչուած «հայկական վտանգ»ը… թրքական մարմինէն հեռացնելու համար։
Բայց նաեւ պատմական ճշմարտութիւն է, որ Սուլթան Համիտէն մինչեւ Թալէաթ ու Էնվէր եւ Մուսթաֆա Քեմալէն մինչեւ Քենան Էվրէն եւ Էրտօղան, թրքական պետութեան բոլոր տիրակալներն ալ «վիրահատման նշդրակ»ի գործածութիւնը, այսինքն՝ հայերու կոտորածն ու ցեղասպանութիւնը կիրարկած են միայն այն բացառիկ պահերուն, երբ արտաքին-քաղաքական պայմանները «ձեռնտու» դասաւորում ունեցած են։
Այդ տրամաբանութեամբ է, ահա՛, որ Թուրքիա միշտ գործածական վիճակի մէջ պահած է հայկական դիմադրականութիւնը ջլատելու քաղաքական զէնքը։
Քեսապի վրայ սուրիական ընդդիմադրութեան գրոհին սատար կանգնելով՝ Թուրքիա թէ՛ տարածաշրջանային առաւելութիւններ ձեռք ձգեց, թէ՛ Քեսապի հայութեան ազգային դիմադրականութեան խոր հարուած հասցուց։
Քեսապի հայութիւնը վստահաբար հիմնաւոր պատճառներ ունէր, որպէսզի սուրիական ներքին պատերազմին մէջ ուղղակի կողմ չդառնար։
Թրքական քաղաքականութիւնը ամբողջապէս գիտակից էր հայկական այդ ներքին կաշկանդումին, երբ անուղղակի հրահրումով տապարի հարուած իջեցուց Քեսապի մէջ մնացած բուռ մը հայութեան գլխուն։
Նոյնիսկ երբ եւ եթէ Քեսապի շուրջ քաղաքացիական կռիւը դադրի ու հայրենի իր օճախէն տեղահան եղած հայութիւնը ամբողջապէս ապահով զգայ վերադառնալու իր հողին ու ինչքին, թրքական պետութիւնը փաստօրէն յաղթանակ ապահոված է արդէն, որովհետեւ հայկական դիմադրականութեան նոր հարուած մը հասցուցած է եւ պատճառած է խորունկ խոց, որուն յաղթահարումը կամքի եւ ուժի բացառիկ լարում կը պահանջէ տուն դարձած Քեսապահայութենէն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.