
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Հայաստանի դէմ յարձակման պարագային Հայաստանի եւ Գիւմրիի ռուսական ռազմական խարիսխի հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) համակարգերը պիտի գործեն միասին»: 9 Ապրիլին Հայաստանի պաշտ-պանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած ԱՊՀ պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդին կից հակաօդային պաշտպանութեան հարցերով Համակարգող կոմիտէի 40րդ նիստի աւարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Օդատիեզերական պաշտպանութեան զօրքերու ղեկավարման մարմինի պետ, Օդատիեզերական զօրքերու հրամանատարի տեղակալ Փաւել Քուրաչենքօն:
«Ինչպէս գիտէք ստեղծուած է ՀՕՊ եւ օդանաւային միացեալ հրամանատարական կեդրոն, կազմակերպուած է հայկական կողմի եւ ռուսական ռազմական խարիսխի մարտական հաշուարկներու միացեալ հերթապահութիւն: Անոնք կը գործեն միացեալ ծրագիր համաձայն եւ բնականաբար խնդիրներու կատարման պարագային պիտի գործեն միասին», նշած է Փ. Քուրաչենքօն:
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միացեալ ՀՕՊ համակարգի ստեղծման գործընթացներուն՝ բանախօսը նշած է, որ արդէն իսկ տարուած է շատ մեծ աշխատանք։
«Այս տարուան սկիզբը հայկական կողմը քննարկած է համաձայնագիրը, եւ այս տարուան սկիզբը մենք ստացանք հայկական կողմի առաջարկներու տարբերակը, զոր քննարկեցինք մեր ռազմական գերատեսչութեան մէջ եւ կրկին ուղարկեցինք հայկական կողմին՝ հետագայ համաձայնեցման համար», նշած է Քուրաչենքօն՝ յոյս յայտնելով, որ մօտ օրէն կողմերը այդ հարցին մէջ պիտի գան համընդհանուր փոխըմբռնման: