ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Բարգաւաճ Հայաստանը» բացառում է որեւէ ձեւով իր մասնակցութիւնը նոր կառավարութեան աշխատանքում», յայտարարած է ԲՀԿ խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհարբեան՝ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Յիշեցնենք, իշխող Հանրապետականի խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով չէր բացառած, որ ԲՀԿին եւ Դաշնակցութեան առաջարկ ներկայացուի՝ նոր կառավարութեան մէջ մասնակի պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
Նշենք, որ համաձայն ԲՀԿ խօսնակ Տիգրան Ուրիխանեանի տարածած հաղորդագրութեան՝ Շաբաթ օրը տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը: Բանալով փակագիծները՝ Ուրիխանեան տեղեկացուցաց է, թէ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ առաջադրուած են նոյն խնդիրները եւ տեսակէտներու որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած։
«ԲՀԿ չի քննարկում կոալիցիոն կառավարութեան մաս կազմելու խնդիրը, դա մեր օրակարգում չկայ: ԲՀԿ եւս մէկ անգամ շեշտել է, որ այս փուլում դէմ է սահմանադրական բարեփոխումների գործընթացին, եւ որ ներկայումս առաջին հերթին անհրաժեշտ են տնտեսական բարեփոխումներ: Հայաստանում չկայ սահմանադրական ճգնաժամ, Հայաստանում առկայ է տնտեսական ճգնաժամ», հանդիպման մասին նշած է Տիգրան Ուրիխանեանը:
Ի պատասխան «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը մտածեն վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի մասին, արդեօք ան ԲՀԿի համար ընդունելի վարչապե՞տ է՝ Նայիրա Զոհրաբեան ըսած է. «Բարգաւաճ Հայաստան»ը մշտապէս յստակ ասել է, որ մենք երբեք որեւէ խնդիր չեն անձնաւորել, հիմա էլ չենք անձնաւորում: Կը տեսնենք, թէ ինչպէս է աշխատում նորանշանակ վարչապետը նորանշանակ կաբինետում, այն ժամանակ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը իր գնահատականը կը տայ: Այս պահին որեւէ գնահատական մենք չենք տալու»:
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ե՞րբ կը յստականայ՝ Դաշնակցութիւնը որեւէ ձեւով պիտի համագործակցի՞ նոր կառավարութեան հետ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը նշած է, որ դեռ ժամանակ ունին եւ շտապելու կարիք չկայ: Քսանօրեայ ժամկէտի ընթացքին պէտք է կառավարութիւն ձեւաւորուի, այդ ընթացքին նաեւ տեղի պիտի ունենայ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինի ժողովը:
«Մենք ունենք մեր մօտեցումները, առաջարկութիւնները՝ ամփոփուած 7 ծրագրային կէտերի մէջ: Կապուած դրանց ընդունման տարողութիւնից, ծաւալից, կ՛որոշուի համագործակցութեան ձեւաչափը, որը կարող է շատ բազմազան լինել: Իսկ այդ հարցերին նաեւ պատասխան կը տայ, բնականաբար, Գերագոյն ժողովը», յայտնած է ան:
Աղուան Վարդանեան չէ ուզած գնահատել Յովիկ Աբրահամեանին կարողութիւնները վարչապետի պաշտօնին համար՝ ըսելով. «Կ՛ապրենք, կը տեսնենք»:
Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ռուբէն Յակոբեան եւս ձեռնպահ մնացած է այն մասին, թէ արդեօք Յովիկ Աբրահամեան իրենց համար ընդունելի՞ թեկնածու է: Ան հաստատած է, որ իրենք երկրին մէջ համակարգային փոփոխութիւններու կատարումը անձերով չեն պայմանաւորեր:
«Ես չտեսայ, որ այնտեղ կար համակարգ փոխելու տրամադրութիւն: Դա նշանակում է՝ շարունակել այն, ինչ մինչեւ այսօր կատարուել է», յայտնած է ան:
Նշենք, որ Ռուբէն Յակոբեան ինքնախոստովանութիւն կը նկատէ Սերժ Սարգսեանի՝ Կիրակի օրը կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ՝ Յովիկ Աբրահամեանի հետ ամրագրած են, որ «պետական բիւջէն անձեռնմխելի է, իսկ կաշառքն արգելուած»:
«Խոստովանութիւն կար այդտեղ, որ մինչեւ այս օրը բիւջէն անձեռնմխելի չէր, կաշառք կարելի էր վերցնել, հիմա պայմանաւորուել են, որ բիւջէն անձեռնմխելի է եւ կաշառք չի կարելի վերցնել: Ինչ որ ծիծաղելի է դա», նշած է «Ժառանգութիւն» խմ-բակցութեան ղեկավարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.