ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի բաժանմունքը համագործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ հայկական պատկերասփիւռի ընկերութիւններուն: Համագործակցութեան նպատակը մէկ է՝ կանխարգիլել պատկերասփիւռի կայանէն հնչող գրական լեզուի նահանջը:
Նախորդ 2-3 տասնամեակներուն հայաստանեան իրականութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ կատարուած կտրուկ անցուդարձները իրենց ազդեցութիւնը ունեցան լեզուի վիճակին վրայ, որով մեծապէս մտահոգ են լեզուաբանները: «Գրական լեզու է թափանցել բարբառային արտասանութիւն, իսկ ժարգոնային արտասանութիւնը պարզապէս դարձել է վարակ: Մեծացել է խզումը գրական եւ խօսակցական լեզուների, գրաւոր եւ բանաւոր խօսքի միջեւ, ցածր է խօսքի մշակոյթի մակարդակը, մեր հանրութեան ստուար մասը եթէ չասենք անտարբեր, գոնէ անթոյլատրելիօրէն անփոյթ է մայրենի լեզուի նկատմամբ իր վերաբերմունքի մէջ», դիտել տուած են Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի մասնագէտները: Անոնց մտահոգութեան առարկան յատկապէս պատկերասփիւռէն հնչող հայերէնն է:
«Լեզուական սխալների դէմ թերթերում տպագրուած յօդուածներով պայքարելու ժամանակներն արդէն անցեալում են: Դրանց դէմ պէտք է պայքարել, բայց այլ միջոցներով», յայտնած է Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի բաժանմունքի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեանը: Անոր համաձայն՝ վիճակի բարելաւման կարեւոր նախապայման կրնայ դառնալ լեզուաբան մասնագէտներու եւ պատկերասփիւռի ընկերութեան աշխատակիցներու կայուն համագործակցութիւնը. «Իբրեւ առաջին քայլ մենք կը կազմակերպենք ամէնամսեայ սեմինարներ լրագրողների համար»:
«Սխալ պատկերացումները լեզուի մասին տարածուած են ոչ միայն եթերում, այլեւ պետական մարմիններում», դիտել տուած է Լեզուի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող æեմա Բառնասեանը: Ան նշած է, որ ցաւ եւ ամօթ կը զգայ լսելով այն հայերէնը, զոր կը խօսին «մեր օրէնսդիր մարմնի ազգընտիրները»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.