ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Ծխախոտի բուծանումը Արցախի մէջ վերսկսած է չորս տարի առաջ, ինչ որ շատ հիմնական է Ասկերանի, Մարտունիի շրջաններու տասէն աւելի շրջաններու հողամշակներուն համար: Գիւղատնտեսութեան այս ճիւղի հիմնադիրը «Ինթերնեշընըլ Մասիս տոբակօ» ընկերութիւնն է, որ իրեն հետ համագործակցող հողագործներուն կը տրամադրէ վառելանիւթ, պարարտանիւթեր եւ այլ անհրաժեշտ նիւթեր: Ընկերութիւնը կը վստահեցնէ, որ մթերման իմաստով ծխախոտ աճեցնողները խնդիրներ չունին, ինչպէս նաեւ ընկերութիւնը սպառման խնդիր չունի:
Ծխախոտի դաշտերու թիւի բազմացման համընթաց ընկերութիւնը նաեւ զայն չորցնողներուն թիւը աւելցուցած է, ինչ որ ինքնաբերաբար կ՛ենթադրէ նոր աշխատատեղերու հաստատում։ Արցախի վարչապետը ծխախոտագործութեան զարգացումը այդ իմաստով յատկապէս կարեւոր կը նկատէ: Այս եւ բնագաւառին առնչուող այլ հարցերու քննարկում տեղի ունեցած է վարչապետ Արա Յարութիւնեանի եւ ընկերութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութեան ընթացքին արծարծուած են ծխախոտի դաշտերուն մէջ աշխատող մշակներու աշխատավարձի հարցը:
Նշենք, որ այսօրուան դրութեամբ Արցախի մէջ կայ աւելի քան 130 հեկտար ծխախոտի դաշտ: Կը գործեն 50 չորնոց, ընթացքի մէջ է 25 չորանոցի շինարարութիւնը: Ընկերութիւնը ունի 11 աշխատակից: Եղանակին աշխատողներուն թիւը կը հասնի մինչեւ 70ի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.