ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ ընթերցողի դատին յանձնուած են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան պատուէրով հրատարակուած երեք հրատարակութիւններ:
Գիրքերու շնորհահանդէսին ընթացքին սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ըսած է, որ «Միգրացիան եւ հայկական նոր սփիւռքը» ազգա–ընկերաբանական հետազօտութիւնը, «Արդի լեզուաքաղաքականութեան խնդիրները» եւ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթղթերում» ժողովածուները կարեւոր եւ արժէքաւոր հետազօտութիւններ են, որովհետեւ անոնք այս կամ այն ձեւով կ՛առնչուին Հայոց Ցեղասպանութեան:
«Ապրիլի 18ը պատահական չէ ընտրած, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցի օրերին ներկայացւում է գիտնականների կատարած փայլուն աշխատանքը, արդիւնքը», նշած է Յակոբեան:
Հրատարակութիւններուն առաջինը՝ Երեւանի պետական համալսարանի իրաւագիտութեան կաճառի եւրոպական եւ միջազգային իրաւունքի ամպիոնին հետ հրատարակուած, «Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միջազգային Իրաւական Փաստաթղթերում» ժողովածուն է, որուն մէջ ամփոփուած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող հիմնական միջազգային իրաւական փաստաթուղթեր. անոնց մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուի հայերէնով:
Երեւանի պետական համալսարանի իրաւաբանական կաճառի ներկայացուցիչ, իրաւագէտ-միջազգայնագէտ Վիգէն Քոչարեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախարարութեան՝ ստեղծուած կարելիութեան համար: «Ակնյայտ էր, որ նման հետազօտութեան անհրաժեշտութիւն առկայ է: Փաստօրէն, փորձեցինք այս աշխատութեան մէջ ներկայացնել հարիւր տարուայ այն փաստաթղթերը, որոնք վերաբերում են Հայոց Ցեղասպանութեան զուտ իրաւական կողմին», ըսած է Քոչարեան:
Երկրորդ գիրքը, որ հրատարակուած է Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժինի հետ, «Միգրացիան Եւ Հայկական Նոր Սփիւռքը» ազգա–ընկերաբանական հետազօտութիւնն է՝ նուիրուած բնակչութեան գաղթին, անոր իբրեւ հետեւանք ձեւաւորուած որակապէս նոր հայկական սփիւռքին մէջ ազգային գոյատեւման:
Սահմանադրական դատարանի անդամ Վլադիմիր Յովհաննիսեան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս պատմական իրողութիւն, ապացուցման կարիք չունի, նաեւ շնորհիւ մեր պատմաբաններուն, քաղաքական գործիչներուն կողմէ կատարուած հսկայական պատմաքաղաքական փաստաթուղթերու վերլուծման:
Երրորդը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին հետ հրատարակուած «Արդի Լեզուաքաղաքական Խնդիրները» թեմայով եւ Մայրենիի օրուան նուիրուած գիտաժողովի նիւթերու ժողովածուն է, որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի արդի լեզուաքաղաքականութեան խնդիրներուն, առկայ մարտահրաւէրներուն։ Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը այս գծով նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք մեծ հարուած հասած է նաեւ մայրենի լեզուին, որովհետեւ անիկա աղճատուած է երկու ճիւղերու:
Շնորհահանդէսին մասնակիցները յոյս յայտնած են, որ կատարուած աշխատանքը շարունակական դառնայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.