ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի Պատմութեան թանգարանին մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, 18 Ապրիլին տեղի ունեցած է ջաւախահայ նկարիչներու աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են մշակոյթի գործիչներ, պետական, հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, հիւրեր:
Ողջունելով ներկաները՝ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորած է ջաւախահայերը՝ հերթական մշակութային գեղեցիկ ձեռնարկի կազմակերպման առիթով եւ նշած է. «Մօտենում է 100րդ տարին, բայց ժողովրդի պայքարը չի դադարում: Աշխարհի հայութիւնը՝ հայրենիքի, Արցախի, Ջաւախքի, Սփիւռքի հայերը ձեռք ձեռքի տուած պայքարում են Ցեղասպանութեան ճանաչման, Հայ Դատի, արդարութեան վերականգնման համար: Այդ պայքարի ձեւերից մէկն էլ մշակոյթն է, որի միջոցով մեր դատը ներկայացնում ենք աշխարհին: Մշակոյթն այն ուժն է, որ կարողանում է սոսնձել, իրար միացնել անցեալը, ներկան եւ ապագան»:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանը:
Վրաստանի վաստակաւոր նկարիչ Կառլեն Կարապետեանը շնորհակալութիւն յայտնած է սփիւռքի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին, Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամին (ՋԱՀ)՝ ցուցահանդէսի կազմակերպման աջակցելնուն համար. «Այսօրուայ ցուցադրութիւնը մեզ համար մեծ ուրախութիւն եւ յաջողութիւն է, շնորհակալութիւն բոլոր աջակցողներին: Մէկ անգամ եւս հաւաստուեց, որ Ջաւախքի ժողովուրդը նաեւ մեծ արուեստ ունի: Մենք ցուցադրուել ենք ոչ միայն Հայաստանում եւ Վրաստանում, այլեւ Միացեալ Նահանգներում եւ Կանադայում: Դիտելով մեր աշխատանքները՝ դուք կը զգաք մեր ուրախութիւնը եւ ցաւը», նշած է Կարապետեան:
Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան հայ մշակոյթի զարգացման եւ տարածման իմաստով ունեցած նշանակալի աւանդին համար Կառլեն Կարապետեանը պարգեւատրած է «Արշիլ Կորքի» մետալով:
Այս առիթով սրտի խօսքեր արտասանած են նաեւ բարերար, գործարար, Ջաւախքի աջակցութեան հիմնադրամի համահիմնադիր Սօս Սահակեանը, Հայկական հանրագիտարանի գլխաւոր խմբագիր Հրաչ Այվազեանը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեանը, Ջաւախահայերու հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեանը, «Վիրահայերի միասնութիւն» կազմակերպութեան նախագահ, պատգամաւոր Տաճատ Վարդապետեանը: Երեւանի թիւ 131 դպրոցի տնօրէն, «Սայաթ Նովա» աշուղական համոյթի մեներգիչ Գրիգոր Սաֆարեանը կատարած է Ջիւանիի «Առաւօտեան քաղցր հովին» ստեղծագործութիւնը:
«Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրով ցուցահանդէսին իրենց աշխատանքները ներկայացուցած են քանդակագործներ Սերգէյ Սահակեանը, Ռաֆիկ Սարգսեանը եւ Բաղդասար Սարգսեանը։ Յատուկ ուշադրութեան արժանացած է Կառլեն Կարապետեանի Ցեղասպանութեան նուիրուած շարքը՝ «Եղեռն եռապատկերը», «Մօր դիմանկարը», «Հայեացքը», «Արեւի աղջիկը» կտաւները:
Ուշագրաւ եղած են նաեւ Համլէտ Արոյեանի, Մնացական Դալլաքեանի, Հայկազուն Ղարագուլեանի՝ Ջաւախքի թեմաներով բնապատկերները, դիմանկարներն ու նաթիւր մորթները:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 23 Ապրիլ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.