ԱՆԳԱՐԱ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23ին, աշխարհի տարբեր լրատուամիջոցներ շտապ հաղորդագրութեամբ տարածեցին Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնը, որ կը կրէ «Ուղերձ՝ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն մասին» վերնագիրը:
Յայտարարութեան սկիզբէն իսկ, Էրտողան ընդհանրացուցած է 1915ի աղէտը՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան տարբեր ժողովուրդներու վրայ ազդեցութիւն ունեցած ահաւոր թուական: Երկարաշունչ յայտարարութեան մէջ, Էրտողան կը շարադրէ թրքական պետութեան տասնամեակներ շարունակ կիրարկուող ուրացման քաղաքականութիւնը, միաժամանակ կը կրկնէ պատմաբաններու «միացեալ յանձնաժողով» ձեւաւորելու եւ արխիւները բանալու մասին յայտարարութիւնները:
Վերջերս բազմաթիւ փորձագէտներ կը նշէին, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, Թուրքիան լայնածաւալ գործողութիւններու պիտի դիմէ: Սոյն յայտարարութիւնը այդ ծրագիրին մէկ մասը կը թուի ըլլալ:
Յայտարարութիւնը տարածուած է քանի մը լեզուներով, որոնց շարքին նաեւ՝ վատ թարգմանուած արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան այս առթիւ յայտնեց, թէ Էրտողանի յայտարարութիւնը պարզապէս թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը նոր տարազով ներկայացնելու փորձ մըն է: «Էրտողան կը փորձէ ու կը ձախողի Հայկական Ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն ձերբազատուիլ՝ փորձելով զայն դարձնել պարզ հակամարտութեան մը հետեւանքը: Փաստը այն է, որ Թուրքիա կը սաստկացնէ ուրացման իր արշաւը եւ դէմ կը դնէ արդարութեան հասնելու ջանքերուն», աւելցուց Համբարեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութեան թարգմանութիւնը՝ «Սիվիլնեթ»ի Ալին Օզինեանի կողմէ.
«Ապրիլի 24ը, որը մեր հայ քաղաքացիների եւ աշխարհում գտնուող բոլոր հայերի համար յատուկ նշանակութիւն ունի, արժէքաւոր հնարաւորութիւն է ստեղծում նաեւ պատմական խնդրի մասին ազատօրէն գաղափարներ կիսելու համար:
Չենք կարող հերքել, որ Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիները՝ անկախ մարդկանց կրօնական եւ էթնիկական ծագումից, թուրքերի, քրդերի, արաբների, հայերի եւ Օսմանեան կայսրութեան միլիոնաւոր քաղաքացիների համար ցաւերով լի, դժուար ժամանակահատուած էր:
Արդար եւ մարդկային արժէքները ստիպում են հասկանալ այդ ժամանակահատուածում տեղի ունեցած բոլոր ցաւերը՝ անկախ մարդկանց կրօնական եւ էթնիկական ծագումից:
Հետեւաբար, ցաւ քաշողի համար ո՛չ ցաւերի հիերարխիայի ստեղծումը, ո՛չ էլ ցաւերի համեմատումը նշանակութիւն չունի: Ինչպէս ասում են մեր պապերը՝ կրակը վառում է ընկած տեղը:
Ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան իւրաքանչիւր քաղաքացու, այնպէս էլ հայերի ցաւերի յիշատակումը, ըմբռնումն ու կիսումը մարդկային պարտականութիւն է:
1915ի դէպքերի մասին տարբեր կարծիքների եւ տեսակէտների ազատ արտայայտումն անհրաժեշտ է բազմակարծ դիրքորոշման, ժողովրդավար մշակոյթի եւ ժամանակակից լինելու տեսանկիւնից:
Թուրքիայում առկայ այս ազատ միջավայրը շատ ժամանակ կարող է առիթ հանդիսանալ մեղադրանքների, վիրաւորական եւ նոյնիսկ սադրիչ արտայայտութիւնների ու պնդումների համար:
Սակայն պատմական հարցերը իրաւական հարթութեան մէջ աւելի լաւ հասկանալն ու վիրաւորուածութիւնը կրկին ընկերութեան վերածելը հնարաւոր է այն դէպքում, երբ հանդուրժողականօրէն ընդունենք այլ կարծիքներ, միեւնոյն ժամանակ՝ նոյնն ակնկալենք միւսներից:
Թուրքիայի հանրապետութիւնը շարունակելու է հասուն կերպով մօտենալ համաշխարհային իրաւական արժէքների հետ համահունչ իւրաքանչիւր գաղափարի:
Սակայն 1915թ. դէպքերը Թուրքիայի դէմ դուրս գալու համար որպէս պատրուակ օգտագործելն ու քաղաքական բախման թեմա դարձնելն անընդունելի է:
Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ տեղի ունեցած դէպքերը մեր բոլորի ընդհանուր ցաւն են: Այս ցաւոտ պատմութեանը արդար յիշողութեան տեսանկիւնից մօտենալը մարդկային եւ գիտական պատասխանատուութիւն է:
Տարբեր կրօնների եւ ազգերի պատկանող միլիոնաւոր մարդկանց զոհ դարձրած Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ տեղահանութեան պէս ոչ մարդկային հետեւանքներ ունեցած դէպքերը չպէտք է արգելք հանդիսանան թուրքերի եւ հայերի միջեւ զգացմունքային կամրջի ստեղծման ու փոխադարձաբար մարդկային կեցուածքի ցուցաբերման համար:
Ժամանակակից աշխարհում պատմութիւնից ելնելով՝ թշնամանք եւ կռիւներ ստեղծելը անընդունելի է, աւելին՝ նպաստաւոր չէ ընդհանուր ապագայի կերտման տեսանկիւնից:
Ժամանակի ոգին պահանջում է խօսել՝ տարաձայնութիւններով հանդերձ, զրուցակցին լսելով փորձել նրան հասկանալ, որոնել փոխհամաձայնութեան ուղիներ, դատապարտել ատելութիւնն ու արժեւորել յարգանքն ու հանդուրժողականութիւնը:
Այս ըմբռնումով, մենք՝ Թուրքիայի հանրապետութիւնը, կոչ արեցինք՝ 1915թ. դէպքերը գիտականօրէն ուսումնասիրելու համար կազմել պատմաբանների յանձնաժողով: Այս կոչը դեռ արդիական է: Թուրք, հայ եւ միջազգային պատմաբանների հետազօտութիւնները 1915թ. դէպքերի լուսաբանման եւ պատմութեան ճիշդ ըմբռնման տեսանկիւնից կարեւոր դեր են ունենալու: Այս իմաստով, մեր արխիւները բոլոր հետազօտողների համար բաց են: Մենք այսօր տրամադրում ենք մեր արխիւներում գտնուող փաստաթղթերը բոլոր պատմաբաններին:
Թուրքիան որպէս ապագային վստահութեամբ նայող պետութիւն, մշտապէս աջակցել է աշխատութիւններին, որոնք ուղղուած են պատմութեան ճիշդ ըմբռնմանը: Անկախ էթնիկական եւ կրօնական ծագումից՝ հարիւրաւոր տարիներ միասին ապրած Անատոլիայի մարդիկ, արուեստից մինչեւ դիւանագիտութիւն, պետական կառավարումից մինչեւ առեւտուր, այսօր էլ տէր են այն ձիրքերին, որոնց օգնութեամբ հնարաւոր է նոր ապագայ կերտել:
Այն յոյսով եւ հաւատով, որ հին եւ աննման մի տարածաշրջանի նման աւանդոյթների տէր ժողովուրդները կարող են անցեալի մասին խօսել հասուն կերպով, կորուստները յիշատակել իրենց վայել կերպով՝ խաղաղ քուն եմ ցանկանում 20րդ դարասկզբի իրավիճակի պատճառով իրենց կեանքը կորցրած հայերին եւ ցաւակցութիւն եմ յղում նրանց թոռներին:
Նոյն ժամանակահատուածում նման հանգամանքներում իրենց կեանքը կորցրած Օսմանեան բոլոր քաղաքացիներին՝ անկախ կրօնական եւ ազգային պատկանելութիւնից, ողորմածութեամբ եւ յարգանքով ենք յիշատակում»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Mr. Erdogan and FM Mr.Daoudoglou they westing there time with there unnecessary comments.They are responsable for the Amenian Genocide. The hall World knows they are lying and denying the truth.