– Ապրիլ 23ին, սուրիացի երեսփոխան Մահեր Ապտըլ Հաֆիզ Հաճճար յայտարարած է, թէ թեկնածու է Սուրիոյ նախագահական ընտրութեանց, որոնք տեղի պիտի ունենան Յունիս 3ին: Այս յայտարարութեամբ, ան դարձած է նախագահական ընտրութեանց առաջին թեկնածուն:
– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթը Ապրիլ 23ին գրած է, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հրաժարականը Սուրիոյ տագնապի բանակցային լուծման յոյսը «պիտի սպաննէ»:
– Թրքական աղբիւր մը քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին յայտնած է, թէ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ կը նախընտրէ քաղաքական կեանքէն հեռանալ, քան նախագահ վերընտրուելու համար վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մղել պայքար մը, որ պիտի պառակտէ իշխող կուսակցութիւնը:
– Լիբանանի տեղեկատուական նախարարութեան կայքը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 23ին, 34 թոն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող ռուսական օդանաւ մը ժամանած է Լաթաքիոյ օդակայանը: Օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի Լաթաքիոյ շրջանի սուրիացի գաղթականներուն:
– Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ապրիլ 23ին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ ծովուժը Կասպից ծովուն մէջ ռազմափորձի մը ձեռնարկած է, մասնակցութեամբ 10 մարտանաւերու եւ 400 նաւաստիներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.