
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Տէյլի Սթար», «Ազդակ».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 23ին, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ կայացաւ նախագահական ընտրութեան առաջին նիստը, եւ ինչպէս կ՛ակնկալուէր, ոչ մէկ թեկնածու կրցաւ ապահովել հարկաւոր քուէները առաջին հանգրուանէն իսկ նախագահ ընտրուելու:
Ըստ Լիբանանի սահմանադրութեան՝ 128 աթոռ ունեցող խորհրդարանին մէջ թեկնածու մը պէտք է ապահովէ քուէներուն առնուազն երկու երրորդը (86 քուէ), ընտրութեան առաջին հանգրուանին նախագահ ընտրուելու համար:
Երկրորդ հանգրուանի պարագային, թեկնածու մը պէտք ունի քուէներու միայն 51 տոկոսին: Երկրորդ հանգրուանը որոշուած է կատարել Ապրիլ 30ին:
Չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական նիստին ներկայ էին 124 երեսփոխաններ:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Սամիր Ժաաժաա ստացաւ 48 քուէ, երեսփոխան Հանրի Հըլու ստացաւ 16 քուէ, իսկ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ՝ 1 քուէ: Կային նաեւ 52 սպիտակ եւ 7 ջնջուած քուէներ:
Նշենք, որ Երեքշաբթի երկոյեան, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատած էր, թէ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական խմբակցութիւնը վերակազմուած է եւ անոր անունով նախագահական ընտրութեան թեկնածու առաջադրած էր երեսփոխան Հանրի Հըլուն: Ժոմպլաթ յայտնած էր, թէ Հըլու կրնայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը միացնող թեկնածու մը ըլլալ: Իր կարգին, Հանրի Հըլու յայտնած էր, որ պատրաստ է քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ գործակցելու՝ աւելցնելով, որ հզօր նախագահն է այն, որ բոլոր ուժերը կը համախմբէ:
Հըլուի թեկնածութեան առաջադրումէն ժամ մը ետք, երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի զօրակցի Սամիր Ժաաժաաին:
Չորեքշաբթի օրուան ընտրութենէն անմիջապէս առաջ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում, ինչպէս նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական խմբակցութիւնները որոշած էին սպիտակ քուէով մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան:
Այս յայտարարութենէն առաջ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հանդիպում մը ունեցած էր Փոփոխութիւն եւ բարեկարգումհամախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, որ ցարդ չէ յայտարարած, թէ ինք նախագահի պաշտօնին թեկնածու է, հակառակ այն իրողութեան, որ ան գլխաւոր թեկնածուն կը նկատուի մամուլին կողմէ:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Երեքշաբթի օր Ռապիէի մէջ գումարած էր իր ընթացիկ նիստը՝ նախագահութեամբ Աունի: Նիստէն ետք, համախմբումի անդամ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնած էր, որ համախմբումը որոշած է սպիտակ քուէով մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին:
Իր կարգին, քաղաքացիական հասարակութեան միութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող թեկնածու Նատին Մուսա առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը եւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուցած նախագահական իր ծրագիրը:
Լիբանանի նախագահութեան տեղեկատու գրասենեակը Երեքշաբթի օր հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր. «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման համոզուած է, որ Լիբանանի մեծագոյն մարտահրաւէրն է շարունակել երթը եւ սահմանադրութեան ճշդած ժամկէտին մէջ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը: Ան կոչ կ՛ուղղէ խորհրդարանը բաղկացնող երեսփոխանական բոլոր խմբակցութիւններուն ապահովելու անհրաժեշտ ներկայութիւնը՝ ընտրել կարենալու համար երկրի յաջորդ նախագահը: Նախագահ Սլէյման կը շեշտէ, որ լիբանանեան ազգային շահերը շատ աւելի բարձր են, քան արտաքին ու անձնական նեղլիկ շահերը: Նախագահը կը յուսայ, որ խորհրդարանը կարենայ ստանձնել իր պատասխանատուութիւնը եւ ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը՝ նախքան Մայիս 25, 2014»:
Նշենք, որ նախագահի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտի Մայիս 25ին, սակայն քաղաքական աղբիւրներ անհաւանական կը նկատեն մինչեւ այդ թուական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութեան մը գոյացումը:
«Մարտ 14»ի քաղաքական ուժերը Երեքշաբթի երեկոյեան գումարած էին արտակարգ նիստ մը, որմէ ետք պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ նեցուկ պիտի կանգնին Ժաաժաայի ընտրութեան:
Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ յայտարարած էին, թէ պիտի զօրակցին Հանրի Հըլուի թեկնածութեան:
Նաեւ, երեսփոխան Սթրիտա Ժաաժաա եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխաններէն բաղկացող պատուիրակութիւն մը Երեքշաբթի օր այցելած էին խորհրդարանի նախագահ Պըրրիին, երեսփոխան Միշել Մըրին եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպին՝ անոնց ներկայացնելով Սամիր Ժաաժաայի նախագահական ծրագիրը:
Սթրիտա Ժաաժաա անցեալ Շաբաթ օր նոյն նպատակով այցելած էր նաեւ Ռապիէ, ուր ան հանդիպում մը ունեցած էր երեսփոխան Աունի հետ: